ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս տարուան առաջին կիսուն Հայաստանէն ընդհանուր առմամբ արտահանուած է 40,053 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն: Անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ քանակը 25,719 թոն եղած է:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան լրատուութեան մէջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ նշուած են: Այսպէս՝ Յուլիս 6ի դրութեամբ արտահանուած է 14,463 թոն ծիրան, նախորդ ամբողջ տարուան 1791 թոնին դիմաց:
Նոյն շրջանին արտահանուած է 1324 թոն կեռաս, նախորդ ամբողջ տարուան եւ 370 թոնին դիմաց: Հայկական կեռասը հիմնականին մէջ արտահանուած է Ռուսիա, Ղազախստան, Պելառուս, Վրաստան, ԱՄԷ եւ Զուիցերիա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.