ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Յուլիս 23ին, ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է 35 միլիոն դրամ տրամադրել ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, վերանորոգելու եւ բարեկարգելու համար Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրը:
Այս որոշումին մէջ ընդգծուած է, թէ Արմաւիր մարզի Բաղրամեան գիւղական համայնքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող «Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան»ի մէկ մասնաճիւղ «Մուսա լերան հերոսամարտի եւ մուսալեռցիների ազգագրութեան թանգարան»ը անմխիթար վիճակի մէջ է եւ հրատապ հիմնանորոգման կարիք ունի: Խնդիրը առաւել կարեւոր կը նկատուի այն հանգամանքով, որ 2015 Սեպտեմբերին կ՛ամբողջանայ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակը, ուստի կը նախատեսուի նշեալ յուշահամալիրին շուրջ մշակութային ու այլ յեբելենական միջոցառումներ կատարել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.