«Մարմարա».- Թրքական ազգայնամոլ կազմակերպութեան «Գորշ Գայլեր» խմբակի անդամներէն 26ամեայ Պուրաք Միշինճի, որ «Ալաուիներու ու հայերու գլուխը կտրելու համար Սուրիա կ՛երթամ» ըսելով՝ Սուրիա մեկնած էր, Լաթաքիոյ շրջանին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն ընթացքին սպաննուած է՝ Սուրիոյ պետական ուժերուն կողմէ:
Անոր մարմինը Պոլիս բերուեցաւ ու հողին յանձնուեցաւ: Յուղարկաւորութեան ներկայ եղան անոր ընտանիքի անդամները, ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Մերալ Աքշեներ, նոյն կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային նախագահ Ահմետ Եըլտըրըմ եւ խումբ մը թիւրքմէններ:
