ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ, Պէյրութի մէջ կորսնցուցինք հայկական Սփիւռքի բանաստեղծութեան, մամուլի ու կրթական անդաստանին մէջ աւելի քան քառասուն տարիներու վաստակ կերտած Սարգիս Կիրակոսեանը, որ ապրեցաւ ու գործեց ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու, իր մեկնումն ալ եղաւ առանց մեծ աղմուկի: Այսուամենայնիւ, զինք ճանչցողներն ու վաստակին ծանօթ գործակիցներ, ընկերներ ու գրչակիցներ գիտեն, թէ ի՛նչ տարողութիւն ունի անոր անժամանակ մեկնումը:
Այս օրերուն, երբ հայկական մեր բարի աւանդութեանց համաձայն զինք պիտի յիշենք (մոռնալու հարց չկայ արդէն), յիշողութեանս մէկ դարակէն յանկարծ դուրս եկաւ դէպք մը, որ, կը կարծեմ, առանձնակի տեղ ունի Սարգիսի գրական ու մտածողութեան էջերուն, եւ կ՛արժէ զայն բաժնեկցիլ ընթերցողներու եւ ընկերներու հետ:
Ս. Կիրակոսեանի բանաստեղծութեան վաստակին ծանօթ ընթերցողը գիտէ, թէ ան ունի իր ոճն ու արտայայտութեան իւրայատուկ ձեւերը, մարդիկ հոն թափանցելու համար պէտք է յատուկ ճիգ ընեն, ու նման ճիգ անպայման կ՛արդիւնաւորուի՝ բանաստեղծին մտածումներուն եւ հոգեկան աշխարհին հետ կամուրջներու ստեղծման իմաստով: Բանստեղծութիւնը, որ կ՛ընկերանայ այս սիւնակին, տարբեր բնոյթի է, թէ՛ խորքով, թէ՛ դիւրահաղորդութեամբ: Տակաւին՝ Սարգիսին համար արտասովոր է, որովհետեւ գրուած է… ապսպրանքի վրայ, բան մը, որ, կը հաւատամ, աննախընթաց էր իրեն համար:
…Աւելի քան 10 տարի առաջ, Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը ընկերներ մտածումը ունեցան նաե՛ւ երգով մը յաւերժացնելու Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքի լուռ վաստակաւորներէն Սարգիս Ազնաւորեանի յիշատակը: Սարգիս Ազնաւորեան մէկն է այն նուիրեալ ու լուսարձակներէ հեռու գործած պատասխանատուներէն, որոնք 80ական տարիներու կէսերուն, Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ի օրերուն, նահատակ ինկան հայութեան ու Դաշնակցութեան դէմ սարքուած ոճրային ալիքին հետեւանքով. թաքուն ոճրագործները այդ օրերուն հայութեան պաշտպանութեան ու ապահովութեան վսեմ առաքելութեան լծուած դիրքապահներ թիրախ ընտրած էին, չբաւականանալով քանի մը տարի առաջ Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին ականահարումով… Որո՞ւն կարելի էր դիմել, որպէսզի նահատակ ընկերոջ վաստակին ու արժանիքներուն համազօր երգ մը հիւսէր:
Չուշացաւ պատասխան-անունը. Սարգիս Կիրակոսեան: Քաջածանօթ էր Ս. Ազնաւորեանի անձին ու գործին, նաեւ՝ դաշնակցականի կեանքէն բխած պատգամին: Գիտէի, որ Ս. Կիրակոսեան ապսպրանքի վրայ բան գրող չէր, սակայն նաեւ ունէի այն վստահութիւնը, որ այս ընկերը յատուկ տեղ ունէր իր սիրտին մէջ, ինչպէս բոլոր զայն ճանչցողներու սիրտին ու միտքին մէջ: Ընդառաջեց։
Մեր սպասումը քիչ մը երկարեցաւ, որովհետեւ, կ՛ենթադրեմ, «մուսային» ապաւինելէ աւելի, Սարգիսը պէտք ունէր նահատակ ընկերոջ հետ հաղորդակցութեան ի՛ր «մթնոլորտ»ին գոյառման:
Յանձն առած էր, կասկած չունէի, որ լաւ բան մը պիտի ծնէր:
Ու ծնաւ «Ընկեր Սարգիս Ազնաւորեանի Յիշատակին» բանաստեղծութիւնը, որ ցարդ տեղ չէ գտած բանաստեղծին հրատարակուած հատորներուն մէջ: Չեմ գիտեր, թէ լոյս տեսա՞ծ է մեր մամուլին մէջ։ Անիկա շուտով վերածուեցաւ երգի, անոր կրկներգը իւրայատուկ հնչեղութեամբ մը կ՛արձագանգէ մեր ազգային-յեղափոխական երգերու ոգիին ու էութեան.
Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն՝
Իբրեւ պայքարի կտրիճ տրիբուն,
Եւ գաղափարի խոյանքով անհուն
Քամիներուն դէմ կը պոռթկան ցասում։
Չմոռնանք, որ մեր պատմութեան գրաւոր մարմնաւորման կարեւոր մէկ մասը «ապսպրանքով գրուած» գործեր են, որոնց մէջ կայ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամը: Մեր երէկի ու ժամանակակից ֆետայիներն ալ ներշնչած են բազմաթիւ երգեր։ Ս. Ազնաւորեանի մասին այս տողերը ներշնչում առած են ոչ միայն մէկ նահատակի զոհաբերութենէն, այլ անոր մէջ կ՛արտացոլան մեր ժողովուրդին համար բոլոր զոհուածներուն կամքն ու կեանքը:
Կարելի չէ՞ արդեօք հոն տեսնել նաեւ նոյնինքն հեղինակին՝ Սարգիս Կիրակոսեանի նուիրաբերումը՝ մեր գիրին ու ժողովուրդին…