ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լեարդը մարմինի կարեւոր օրկաններէն մէկն է: Անիկա ամենամեծ գեղձն է մարմինին մէջ եւ ունի մօտաւորապէս 1500-1750 կրամ ծանրութիւն: Տղամարդոց լեարդը աւելի մեծ է քան կիներունը, իսկ մանուկներուն մօտ լեարդը աւելի մեծ կ՛ըլլայ անոնց մարմինի չափին համեմատ:
Լեարդը ունի սրճագոյն-կարմիր գունաւորում: Անիկա կակուղ է եւ առաձգական: Լեարդի բջիջները ունին կարեւոր յատկութիւն մը: Անոնք դիւրաւ կը վերանորոգուին (regenerate), այսինքն՝ կ՛աճին եւ կը բազմանան: Լեարդը շարունակ կը գործէ եւ ունի շատ կարեւոր պարտականութիւններ: Սաղմնային կեանքին ընթացքին լեարդը ունի արիւնաշինութեան դերակատարութիւն: Ծնունդէն ետք անոր հիմնական դերակատարութիւնն է՝ մասնակցիլ մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) գործընթացին: Լեարդի կենսական դերակատարութիւնները կը դանդաղին կամ կը դադրին, երբ լեարդը ախտահարուի զանազան տեսակի հիւանդութիւններով*։
Լեարդաթորշումը լեարդի ամբողջական եւ վերջնական սպիացումն ու փճացումն է: Անիկա շատ մը լեարդային երկարատեւ հիւանդութիւններու վերջին հանգրուանն է: Անիկա տեղի կ՛ունենայ շատ դանդաղ եւ թաքուն ձեւով: Լեարդաթորշումով լեարդի արիւնով մատակարարումը կը նուազի, եւ լեարդի գործունէութիւնը կը ձախողի, մասնաւորապէս՝ սննդանիւթերու, ներծորոյթներու եւ բնասպիտի արտադրութիւնը կը խանգարուի կամ կը նուազումի:
Լեարդաթորշումի կարեւորագոյն ախտապատճառներն են.
1. Լեարդի ժահրային հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է**.
2. Ալքոլամոլութիւն. չափազանց ալքոլի գործածութիւնը լեարդը կը մատնէ դժուարութեան եւ անիկա չի կրնար բնական ձեւով կատարել իր դերակատարութիւնը: Լեարդի բջիջները կը փճանան կամ կ՛այլափոխուին եւ տեղի կ՛ունենայ ճարպի կուտակում եւ մնայուն լեարդաբորբ, որ պատճառ կը դառնայ կանխահաս սպիացումի եւ ապա լեարդաթորշումի.
3. Ծինային հիւանդութիւններ. անբնական ծիներու ներգործութեամբ կը յառաջանան լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ երկաթագունախտ (hemochromatosis) եւ Wilson-ի հիւանդութիւն, որոնք ընդհանրապէս կը յայտնուին շատ կանուխ՝ մանկութեան շրջանին կամ տարիներ ետք.
4. Վարակամերժութեան (Immunity) համակարգի խախտում, որուն պատճառով լեարդը կ՛ենթարկուի կրկնովի բորբոքումներու եւ սպիացումի.
5. Որոշ դեղերու եւ ճարտարարուեստական թոյներու ենթակայութիւն.
6. Լեարդի խլիրդներ, որոնք ընդհանրապէս մարմինի այլ օրկաններէ լեարդ փոխակայուած (metastatic) կ՛ըլլան.
7. Գիրութիւն.
8. Շաքարախտ.
9. Մաղձածորանի (bile duct) խցում, որուն պատճառով մաղձ չի հասնիր բարակ աղիքներուն.
10. Սիրտի աշխատանքի կրկնովի ձախողութիւն (heart failure).
11. Լեարդի պարկային բնաթելացում (cystic fibrosis)։
Լեարդաթորշումի ախտանշաններն են՝ ախորժակի նուազում, յոգնածութիւն, ֆիզիքական ընդհանուր տկարութիւն, կշիռքի կորուստ, դեղնախտ, քերուըտուք, սրունքներու եւ փորի ջրակուտակում (ascitis), մէզի գոյնի փոփոխութիւն՝ սրճագոյն մէզ, շփոթութիւն, կեդրոնացումի նուազում, արիւնոտ կղկղանք, մորթային կապտաբիծեր (bruises) եւ ջերմութիւն:
Լեարդաթորշումի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին՝ բժշկական ընդհանուր քննութիւն, լեարդի գործունէութեան արեան զանազան տեսակի քննութիւններ, մէզի քննութիւն, լեարդի համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan) եւ լեարդի անդրձայնային նկարում (ultrasound):
Լեարդաթորշումէ տառապող անհատը կ՛ունենայ շատ մը բարդութիւններ, օրինակ՝ լայնցած երակներու արիւնահոսութիւն, փորի ջրակալում, շաքարախտի զարգացում, մորթային զարկերկային արիւնահոսում, մորթային կապտաբիծերու յայտնաբերում, կանխահաս դաշտանադադար, մկանային տկարութիւն, երիկամի աշխատանքի խանգարում եւ ձախողանք, արեան թթուածինի նուազում, լեարդային ուղեղատապ, թմբիր եւ մահ:
Լեարդաթորշումը հիմնական դարման չունի: Սակայն կան որոշ միջոցառումներ, որոնք կը դանդաղեցնեն անոր յառաջխաղացքը: Այս միջոցառումներէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝ ալքոլ չգործածել, աղի գործածութիւնը նուազեցնել, յոգնեցուցիչ աշխատանքէ հրաժարիլ, գործածել cortisone, հակաժահրային եւ միզամղիչ դեղեր:
Լեարդաթորշումը կարելի է կանխարգիլել՝ յարգելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.
1. Ալքոլ բնաւ չգործածել.
2. Լեարդի բորբոքումներ չունենալ.
3. Ենթակայ չըլլալ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշի (AIDS) եւ մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահրին (HIV).
4. Չունենալ անպաշտպան սեռային յարաբերութիւն կասկածելի անձերու հետ.
5. Հեռու մնալ քիմիական նիւթերէ, թոյներէ եւ միջատասպան դեղերէ.
6. Պատուաստուիլ լեարդաբորբ A եւ B խմբաւորումներուն դէմ.
7. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի՝ ուտել առատ պտուղ եւ բանջարեղէն, ճարպ շատ չսպառել.
8. Չգիրնալ.
9. Օրինաւոր մարզանքի հետեւիլ։
Լեարդաբորբի A եւ B խմբաւորումները կանխարգիլելի են յատուկ պատուաստներով:
Լեարդաբորբի C խմբաւորումը պատուաստ չունի:
* Տեսնել լեարդի մանրամասն դերակատարութիւնները «Բժիշկին Գ. Խօսքը»ի «Լեարդ» յօդուածին մէջ:
** Տեսնել «Բժիշկին Գ. Խօսքը»ի «Լեարդի Հիւանդութիւններ» յօդուածը: