ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի քաղաքական բոլոր խմբակցութիւնները ներկայացնող խումբ մը պատգամաւորներ 19 Նոյեմբերին այցելած են Հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագիծի պաշտպանական դիրքեր եւ այդ ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասեր:
Պատգամաւորները հանդիպում ունեցած են մարտական դիրքերուն մէջ ծառայող զինուորներուն ու հրամանատարներուն, շրջագայած յենակէտերուն մէջ եւ ծանօթացած զինուորականներուն ծառայութեան ու կենցաղային պայմաններուն:
Երախտագիտութիւն յայտնելով Հանրապետութեան սահմանները անառիկ պահելու եւ մարտական բարձր ոգի ցուցաբերելու համար՝ խորհրդարանականները վստահեցուցած են զինուորները, որ սահմանագիծը կը շարունակէ մնալ երկրի իշխանութիւններուն ուշադրութեան առարկան։
Արցախի խորհրդարանի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ պատգամաւորներուն այցելութիւնները պիտի ըլլան շարունակական։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.