ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Երկար տարիներու ծանր եւ լուրջ աչխատանքէ ետք բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողը՝ ստանալէ առաջ իր բժշկական վկայականը, գիտակցաբար եւ համոզումով կը կատարէ բժշկութեան ամենամեծ վարպետին՝ «Հիփոկրատի Ու-խտ»ը, որ կըսէ.
«Կը խոստանամ երկիւղածութեամբ, Աստուծոյ առաջ ըլլալ ճշմարիտ հետեւեալ յայտարարութեանս մէջ.
– Պիտի ըլլամ հաւատարիմ բժշկական ասպարէզին, կոչումին, իտէալներուն եւ մարդկութեան ծառայելու անոր առաքելութեան:
– Պիտի որդեգրեմ դարմանումի այն ձեւերը, զորս կը նկատեմ օգտակար իմ հիւանդներուս համար, իմ կարողութեան եւ դատողութեան համաձայն:
– Պիտի մնամ հեռու ամէն արարքէ, որ մահացու եւ վնասակար է: Պիտի մնամ հեռու չարագործութենէ:
– Պիտի չտամ մահացու դեղ ոեւէ անձի, նոյնիսկ եթէ պահանջուի:
– Պիտի չկատարեմ վիժում կամ վիրաբուժական այլ գործողութիւն՝ ոճրային նպատակով:
– Համաճարակներու ընթացքին եւ այլ վտանգաւոր կացութիւններու ընթացքին պիտի կատարեմ իմ պարտականութիւնները՝ իբրեւ բժիշկ, մոռնալով անձս:
– Պիտի ըլլամ գաղտնապահ՝ ի շահ հիւանդին. ինծի պիտի վերապահեմ այն, ինչը կը տեսնեմ եւ ինչը կը լսեմ:
– Պիտի մնամ հեռու որեւէ քանդիչ արարքէ, երբ մտնեմ հիւանդի մը բնակարանը. իմ առաքելութիւնս պիտի ըլլայ օգնել անոր:
– Պիտի ապրիմ կեանքս՝ գործելով ասպարէզիս մէջ ճշմարտութեամբ, խաղաղութեամբ, մաքրութեամբ:
– Պիտի պահեմ այս երդումը անխախտ: Ուստի, թող շնորհուի ինծի վայելել կեանքը եւ ծառայել ասպարէզիս, այն ասպարէզին, որ յարգուած էր ամբողջ մարդկութեան կողմէ դարերէ ի վեր»:

Այժմ կը յիշեմ այն վայրկեանները, երբ ես ալ պատիւը եւ առանձնաշնորհումը ունեցայ կատարելու Հիփոկրատի բժշկական այս վեհանձն ուխտը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներու հանդէսին: Այդ հրապարակային հանդիսութեան վերջաւորութեան մեր աւագ բժիշկ ուսուցիչներէն՝ լուրջ, համեստ եւ խոհեմ տոքթ. Արամ Պաղտասարեան մեծ պահարան մը յանձնեց բոլոր նորափթիթ բժիշկներուն: Տեղւոյն վրայ բոլորիս համար գաղտնի մնաց այդ պահարանին պարունակութիւնը: Սակայն տուն վերադառնալէ ետք առաջին պարտականութիւնս սեպեցի բանալ այդ խորհրդաւոր պահարանը, որ կը պարունակէր անգլերէնով պատրաստուած գրութիւն մը «I WILL» խորագիրով, հրատարակուած տոքթ. Մ. Խալիտիի եւ տոքթ. Արամ Պաղտասարեանի կողմէ: Թարգմանաբար, այդ գրութիւնը կ՛ըսէր.
ԵՍ ՊԻՏԻ
– Ըլլամ այնքան զօրաւոր, որ ոչ մէկ բան կարենայ խանգարել միտքիս խաղաղութիւնը:
– Գործեմ այնպէս, որ հիւանդներս իրապէ՛ս զգան, որ պիտի առողջանան:
– Տեսնեմ ամէն բանի լաւ կողմը: Պիտի ըլլամ լաւատես:
– Տեսնեմ սխալներս, որպէսզի առաւել եւս օգտակար դառնամ հիւանդներուս:
– Ըլլամ մի՛շտ ուրախ, զուարթ եւ բարեացակամ հիւանդներուս հետ:
– Պիտի տամ շատ ժամանակ անձիս կատարելագործումին, որպէսզի ժամանակ չունենամ քննադատելու գործակիցներս:
– Յիշեմ շարունակ, որ կեանքի մէջ ամէնէն թանկագին բանը ուրիշին ծառայելն է:
– Գոհանամ ունեցածովս:
Կարծէք երկրորդ ուխտ մըն էր, որ կը փոխանցուէր երէց, փորձառու եւ վաստակաշատ գործակից բժիշկի մը կողմէ: Քանի մը անգամ կարդացի այդ «ԵՍ ՊԻՏԻ» խոստմնագիր-գրութիւնը, որ կու գար որպէս լրացուցիչ «Հիփոկրատի Ուխտ»ին: Անիկա դարձաւ իմ բժշկական կեանքի առաջին եւ մնայուն թանկարժէք եւ խորհրդատու նուէրը:
Ուրեմն.
Բժշկութիւնը առաքելութիւն մըն է եւ հիմնուած է զոհողութեան եւ ծառայութեան սկզբունքներուն վրայ: Ծառայութիւն՝ մարդուն հոգեկան, մտային եւ ֆիզիքական առողջութիւնը պահպանելու, անոր կեանքը երկարաձգելու եւ անոր ցաւերը ամոքելու, առանց գոյնի, սեռի, տարիքի եւ ընկերային կարգավիճակի խտրութեան:
Բժշկութիւնը կը պահանջէ անսահման զոհողութիւն, յարատեւ աշխատանք, համեստութիւն, համբերութիւն, գաղտնապահութիւն, զօրաւոր կամք, հաւատք եւ բարձր բարոյականութիւն:
Բժշկութիւնը համամարդկային առաքելութիւն մըն է, հետեւաբար, բժիշկը իր հիւանդները կը դարմանէ առանց խտրութիւն դնելու հիւանդներու ազգութեան, կրօնքին, գոյնին, սեռին, տարիքին, համոզումներուն, ընկերային ու տնտեսական վիճակին:
Բժշկութիւնը անսակարկ զոհողութիւն է, հետեւաբար, բժիշկը օգնութեան կը հասնի ոեւէ հիւանդի, որեւէ տեղ եւ որեւէ ժամու: Իրեն համար ժամանակը, վայրը եւ հիւանդին ինքնութիւնը առարկելի հարցեր չեն: Ան շտապ օգնութեան կը հասնի նոյնիսկ ամէնէն վտանգաւոր կացութեան մէջ՝ մոռնալով իր անձը եւ իր անհատական կեանքը:
Բժշկութիւնը գաղտնապահութիւն պահանջող ասպարէզ մըն է, հետեւաբար, ամէն բժիշկ գաղտնապահութեամբ կը հետեւի իր հիւանդներուն եւ կը յարգէ անոնց անհատականութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
Բժիշկ-հիւանդ յարաբերութիւնը կ՛ըլլայ անկեղծ եւ թափանցիկ ու հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ: Հիւանդը տեղեակ կը պահուի իր ունեցած հիւանդութենէն եւ կը բացատրուի հիւանդութեան դարմանումին եղանակն ու մանրամասնութիւնները: Բժիշկը դարմանումը կը կատարէ միայն ու միայն հիւանդին հաւանութեամբ եւ այդ՝ գործածելով անհրաժեշտ նուազագոյն քանակութեամբ դեղեր: Յաճախ բժիշկը կը մտերմանայ իր հիւանդին հետ առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու անոր բոլոր դժուարութիւններուն եւ նոյնիսկ անոր անձնական հարցերուն: Այս մտերմութիւնը կը դառնայ մնայուն եւ հաստատ՝ մարդկային առողջ մտածողութեամբ եւ ընկերական մօտեցումով: Սակայն այս մտերմութեան մէջ բժիշկը ինքնաբերաբար կ՛ըլլայ վերապահ եւ զգոյշ: Ան չի գործածեր այս մտերմութիւնը անձնական յետին նպատակներու ստեղծումին համար: Ան կը դառնայ խոհեմ, համբերատար եւ ճկուն ու կը գործէ ոչ միայն որպէս բժիշկ, այլ նաեւ որպէս փիլիսոփայ, հոգեբան եւ ընկերաբան, այլ խօսքով՝ ամբողջական եւ իտէալ բժիշկ:
Բժշկութիւնը ասպարէզ եւ գիտութիւն ըլլալով հանդերձ, անիկա նաեւ արուեստ եւ փիլիսոփայութիւն է: Անդարմանելի հիւանդութեան մը պարագային բժիշկը ի գործ կը դնէ իր ամբողջ էութիւնը՝ առաւելագոյն խոհեմութեամբ պարզաբանելու կացութիւնը թէ՛ հիւանդին եւ թէ անոր պարագաներուն, որպէսզի անոնք ապրին միտքի հանդարտութեամբ եւ սիրտի ու հոգիի գոհունակութեամբ:
Բժշկութիւնը մարդկային առաքելութիւն մը ըլլալով, բժիշկը նկատի կ՛առնէ չքաւորը, նիւթապէս անկարողը, որբը, բազմանդամ ընտանիքը, անկարը եւ անգործը: Ան յաճախ կը հրաժարի իր պատուագինէն եւ փոխարէնը կը ստանայ հոգեկան գոհունակութիւն:
Բժշկութիւնը ազատ ասպարէզ մը ըլլալով, բժիշկը հեռու կը մնայ առեւտրական միտումներէ եւ գործելակերպէ: Անոր բժշկական հաստատագիրները եւ վկայագիրները կը ցոլացնեն իր ուղղամտութիւնը, բարոյականութիւնը, օրինականութիւնը եւ բժշկական գիտապաշարը: Ան կը գործէ իր ասպարէզի օրինական պայմաններուն եւ ընդունուած սովորութիւններուն համաձայն ու իր կարողութիւններուն շնորհիւ կը զարգացնէ իր ասպարէզը եւ իր ժողովրդականութիւնը:
Վերոնշեալ բոլոր յատկութիւններով, բժիշկը կը դառնայ հեղինակաւոր ՄԱՐԴ ԲԺԻՇԿ: Ան կ՛արժանանայ իր հիւանդներուն եւ իր շրջապատին յարգանքին, գուրգուրանքին եւ վստահութեան:
Բժշկական բարոյագիտութիւնը խոր արմատներ ունեցած է հայկական բժշկութեան պատմութեան մէջ:
Դաւիթ Անյաղթ Ե. դարուն լայնօրէն խօսած է բժշկական հարցերու մասին եւ մեծ կարեւորութիւն ցուցաբերած է բժշկական բարոյագիտութեան:
Կիլիկեան իշխանութեան շրջանին ընդհանուր բժշկական բարոյագիտութիւնը հիմք ծառայած է բժիշկներու բժշկական ծառայութեան: Դիտաւորեալ ոճիր նկատուած է բժիշկին մերժումը՝ հիւանդը տեսնել իր տան մէջ: Բժիշկին մասնագիտական անկարողութիւնը կամ թերացումը նկատուած է կանխամտածուած ոճիր: Յաճախ բժիշկը ամբաստանուած է իր բարոյական թերութեան համար եւ՝ ծանր պատիժներու ենթարկուած:
Ամիրտովլաթ Ամասիացի 15րդ դարուն ձգտած է միշտ բժշկական կատարելագործումի եւ հաւատացած է, որ իւրաքանչիւր բժիշկ յարատեւ պէտք է կարդայ եւ հետազօտէ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ան եղած է պահանջկոտ բժշկական բարոյագիտութեան նկատմամբ եւ ուզած է տեսնել «իտէալ բժիշկ»ը միշտ եւ ամէն տեղ: Ան ըսած է. «Բժիշկը պէտք է օժտուած ըլլայ բանականութեամբ եւ պարտքի գիտակցութեամբ. ան պէտք չէ գինեմոլ, ագահ եւ շահախնդիր ըլլայ. ան պարտաւոր է սիրել աղքատները, ըլլալ գթառատ, նուիրուած, աստուածավախ