ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները, առաջնորդութեամբ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի, Ապրիլ 18ին մայրաքաղաք Սաքրամենթօ այցելելով՝ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ա-րեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Հայ Դատի Օրուան եւ ներկայ եղան նահանգային խոր-հրդարանին ու Ծերակոյտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին շուրջ կատարուած քննարկումներուն ու անոր վաւերացման։
Աշակերտները նաեւ առիթը ունեցան հանդիպելու Քոնկրեսի ընտրութեան մասնակցող նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեանի հետ ու դիտեցին Արեւ-մտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանի պատրաստած «Journey to the Homeland» վաւերագրական ֆիլմը, որ նուիրուած է դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր ուխտանգացութեան։