ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, Կիրակի, Մայիս 1ին, յետմիջօրէին ժամը 5էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» համալիրի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց համերգ- գեղարուեստական երեկոյ մը՝ նուիրուած սիրոյ անմահ երգիչ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակին, կատարումով «Աշուղական երգերու համոյթ»ին:
Երեկոյթին ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Վարանդ Գասպարեան, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Թոմաս Չանչանեան, շրջանէն ներս գործող պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ ու շուրջ 400 հանդիսականներ, որոնց համար իսկապէ՛ս եղաւ Սայաթ Նովայի ապրումներու եւ վայելքի գիշեր մը:
Երեկոյթը արհեստավարժօրէն կազմակերպուած էր՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Խոդաւերդեանի եւ համագործակցութեամբ արհեստավարժ հանդիսավարուհիներ Շաքէ Սարգիսեանի եւ Ժանէթ Շահքարամեանի, որոնք փոխն ի փոխ եւ ձեռնհասօրէն վարեցին երեկոյթը:
Ողջոյնի խօսքերով երեկոյթի բացման խօսքը արտասանեց եւ Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի օրուան պատգամը փոխանցեց Ժանէթ Շահքարամեան, որ ըսաւ. «Սիրելի հայրենակիցներ եւ հիւրեր, շնորհակալ ենք, որ ներկայ էք մեր այսօրուան ծրագիրին, որը նուիրուած է Սայաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակին: Այսօր տօ՛ն է, հայ երգի տօ՛նն է, Սայաթ Նովայի տօ՛նն է մեր համայնքում: Մեր ազգը հանճարներ շատ է ծնել եւ ամենամեծերից է Սայաթ Նովան: Սայաթ Նովան հայրենիք է, ինչպէս հայրենիք են մեր սուրբ լեռը՝ Արարա՛տը, Երեւանը, Մաշտոցն ու Նարեկացին, Շնորհալին ու Կոմիտասը, Սարեանն ու Թումանեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Պարոյր Սեւակն ու Յովհաննէս Շիրազը: Օտարութեան մէջ, երբ կը հնչի Սայաթ Նովայի երգերն ու մեղեդիները, մեր հայրենիքը առկայ է այնտեղ»:
Ապա ներկայացնելով Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Արազ» եւ Սան Հոզէի «Երեւան» պարախումբերը՝ հանդիսավարուհին ըսաւ. «Անո՛նք, ընկերակցելով մեր նորակազմ «Աշուղական երգերի համոյ»չին՝ ձեզ կը ներկայացնեն մեր սիրոյ անմահ երգչի՝ Սայաթ Նովայի կենսագրութիւնը, իր կեանքի կարեւոր դրուագները եւ նրա հանճարեղ ստեծագործութիւններից մի փոքրիկ փունջ երգեր: Մեր «Աշուղական երգերի համոյ»չը, որ կազմի է եկել հայկական աւանդական ժողովրդական երգարուեստի նուիրեալ մի խումբ կամաւոր հայորդիներից, այսօր ձեզ ներկայացնում է առաջին ելոյթը: Նրանց նպատակն է մեր համայնքին ծանօթացնել մեր մաքրամաքուր եւ դասական աշուղական երգերը՝ հիմնուելով տեղական ուժերին ու տաղանդներին վրայ միայն: Թող այս երգերը բալասանը հանդիսանան բոլոր հայ երգ սիրող սրտերին»:
Ժանէթ Շահքարամեան շարունակեց յայտագիրը՝ նախ բեմ հրաւիրելով ու ներկայացնելով երգչուհին հետեւեալ բառերով. «Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ, մեր հայ համայնքի եւ մեր համոյթի սոխակ Սեդա Գիզիրեանը», ապա նաեւ՝ համոյթի կազմակերպիչ եւ օրուան ծրագիրի համադրող, Համազգայինի վարչութեան անդամ դոկտ. Էդուարդ Խոդաւերտեանը:
Շաքէ Սարգիսեան նաեւ ներկայացուց երաժիշտները՝ հարուածային գործիքներու մասնագէտ, Օքլընտի ուսումնական համակարգի ուսուցիչ Աւօ Չալագանեան, քանոնի մասնագէտ Մարք Օհանեսեան, «Չուկասեան» համոյթի երկար տարիներու աշխատակից, թառահար եւ փողային գործիքներու մասնագէտ դոկտ. Քլարք Վելշ, Պըրքլիի համալսարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան ուսանող, քամանչահար Գէորգ Գէորգեան, Ղարաբաղեան Ազգային ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ եւ ձեռնադաշնակի մասնագէտ՝ Համազգայինի վարչութեան անդամ Գագիկ Ղեւոնդեան:
Հանդիսավարը ապա ողջունեց երգչուհին հետեւեալ խօսքերով. «Երբ դու երգում ես, հալւում են ձիւները սպիտակ լեռների: Զարթնում են յուշերը հեռացած օրերի: Այսպէս է Սեդա Գիզիրեանի ձայնի որակը: Նա ձեզ հիմա կը համոզի այդ՝ իր Սայաթ Նովայի կատարումով: «Բլբուլի Հիտ». դիմաւորենք նրան»: Եւ իսկապէս զուլալ ձայնով ու խոր ապրումներով, Սեդա Գիզիրեան թնդացուց սրահը՝ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:
Շ. Սարգիսեան իր կարգին արտասանեց. «Ասում են, որ հայ աղջկայ նազը իւրայատուկ է հայ տղամարդու սիրտը գրաւելու համար: Եւ ոչ մի ուրիշ ազգի աղջիկները չունեն այդ ունակութիւնը, ինչ որ պարզօրէն առկայ է մեր հայուհիների մօտ: Սայաթ Նովայի «Ձենդ քաղցր ունիս». կատարում է Էդուարդ Խոդաւերդեանը»:
Խոդաւերդեան իր զգայուն, ա-շուղական եւ կախարդական ձայնով խորապէս ապրեցաւ եւ ապրեցուց Սայաթ Նովայով: Էդուարդը կը ճանչնայի քանի մը տարիներէ ի վեր, սակայն երբեք չէի լսած իր ձայնը: Շատ զարմացայ տեսնելով իր անունը յայտագիրին վրայ, որպէս Սայաթ Նովա մեկնաբանող: Պրաւօ՛ Էդուարդ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Սայաթ Նովա»ն:
Ապա ներկայացուեցաւ ուրիշ գլուխ գործոց մը՝ Սայաթ Նովայի ամենավերջին հայերէն երգը՝ կատարմամբ սիրուած զոյգին՝ Սեդա Գիզիրեանի եւ Էդուարդ Խոդաւերդեանի։ Անոնք դարձեալ թնդացուցին սրահը՝ արժանանալով յոտնկայս բուռն ծափահարութիւններու:
Շաքէ Սարգիսեան յայտարարեց, թէ «ելոյթը պիտի եզրափակուի Սայաթ Նովայի խրատական եւ ուրախ երգերից մէկով, որը կը կատարէ մեր համոյթը: Այդտեղ Սայաթ Նովան մեզ կը խրախուսէ, որ կեանքում միշտ սիրենք Աստծուն, եարին, համբերութիւնը, խրատը, վանքն ու եկեղեցին, բնութիւնը եւ ի հարկէ՝ օրէնքը: «Արի ինձ անգաճ կալ, այ դիւանա սիրտ»»:
Եւ այսպիսով, Սայաթ Նովայի 10 լաւագոյն երգերով պատրաստուած ճոխ յայտագիրը հասաւ իր աւարտին. երգիչ եւ երգչուհի, հինգ հայկական գործիքներու եւ երկու հանդիսավարուհիներու ստեղծած մթնոլորտն ու խանդավառութիւնը հասան իրենց գագաթի՛ն, որուն այդքա՛ն ծարաւը ունէր Ծովածոցի հայ գաղութը:
Համազգայինի «Արազ» կրտսերներու պարախումբը կատարեց Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս»ի, իսկ չափահասներու պարախումբը՝ «Քանի վուր ջանիմ»ի եղանակներով երկու պարեր, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Անի Այանեանի: Իսկ Սան Հոզէի «Երեւան» պարախումբը կատարեց երկու պարեր, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ֆլորա Պաղտասարեանի:
Տաղանդաշատ երգ-չուհի Սեդա Գիզիրեան իր երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ, եւ որպէս մենակատար՝ դերեր ստանձնած է «Անուշ» եւ «Արշակ Բ.» օփերաներուն մէջ: Ան մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանի զանազան ոստաններու մէջ՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի: Սան Ֆրանսիսքօ հարս գալով՝ այժմ որպէս մենակատար իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ բազմաթիւ այլ ձեռնարկներու:
Համոյթի կազմակերպիչ դոկտ. Էդուարդ Խոդաւերդեան ծնած է Թեհրան, Իրան: Կրթութեամբ ելեկտրականութեան ճարտարագէտ է: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի «Շարիֆ» համալսարանին եւ Անգլիոյ Մանչեսթըրի համալսարանին մէջ: 1995ին, ան հաստատուած է Սան Ֆրանսիսքօ, իսկ 2014ին միացած է Համազգայինին եւ նոյն տարին վարչութեան ներկայացուցած է իր ծրագիրը՝ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակը տօնել Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ գաղութիս հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը՝ տալու իր պատգամն ու օրհնութիւնը։ Ան ըսաւ. «Գիտնականները կը փորձեն եւ շատ հեքիաթներու մէջ կ՛երեւակայենք, որ ըլլայ ժամանակի մեքենայ մը, որ մեզ ժամանակով կրնայ ետ տանիլ: Բայց այսօր, մեր այս բեմին վրայ, տղաքը արդէն այդ մեքենային պէս մեզ տարին 300 տարի ետ, եւ մենք ապրեցանք Սայաթ Նովան ու իր երաժշտութիւնը: Մինչեւ այն ատեն որ հայ սիրտը կը փափախէ, կը նշանակէ նաեւ, որ հայ երգն ու մշակոյթը կ՛ապրին մեր մէջ: Սայաթ Նովան արդեօք գիտէ՞ր, թէ իրմէ 300 տարի ետք իր երաժշտութիւնը պիտի հնչէր Սան Ֆրանսիսքոյէն, Ծովածոցի մէկ քաղաքէն: Սայաթ Նովան շատ յաճախ երգամարտ կ՛ունենար ազերիներու հետ եւ միշտ յաղթական դուրս կու գար իր յօրինած երգերով: Այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ եւ կը վստահացնէ, որ հայը ո՛չ մէկ դաշտի վրայ ինքզինք կը յանձնէ եւ յաղթական դուրս կու գայ միշտ»։
Ապա հայր սուրբը «Պահպանիչ»ով փակեց գեղարուեստական այս աննախընթաց երեկոն: