ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը կը ջանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կայացնել 16 Մայիսին, Վիեննայի մէջ։
Այս առնչութեամբ եւ նման հանդիպումէ մը ակնկալուած արդիւնքներուն մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ պատերազմական վիճակէն եւ Ատրպէյճանի նախայարձակումէն ետք հանդիպումի կարելիութիւնը արդէն կարելի է դրական գնահատել՝ այն առումով, որ միջազգային հանրութիւնը, Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրները փորձեցին հանդիպման առիթ ստեղծել:
«Եթէ այդ հանդիպումը ծառայելու է այն նպատակներին, որոնք յայտարարուած են նաեւ միջազգային հանրութեան կողմից, այսինքն՝ հրադադարի ռեժիմի պահպանում, վերահսկման մեխանիզմների ստեղծում, ռեժիմի խախտման դէպքերի հասցէական գնահատում, ապա, այո, ես դրական ակնկալիքներ ունեմ: Բայց եթէ այս հանդիպումը վերածուելու է հերթական հանդիպման, որին հետեւելու է Ադրբեջանի նոյն քաղաքականութիւնը՝ ռազմատենչ ու յարձակողական սպառազինման ու մենք յանգելու ենք նոր պատերազմի, բնականաբար, սրան ես կողմնակից չեմ», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի ու Մինսկի խմբակի համանախագահներուն վերջին յայտարարութիւններուն մէջ ակնարկութիւն եւ միտում կար այն մասին, որ պէտք է ստեղծել իրավիճակ մը, ուր կը բացառուի ռազմական ուղիով եւ ուժի սպառնալիքով հարցի կարգաւորումը, որովհետեւ խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ, եւ եթէ այդ բոլորին համար ստեղծուին իրաւական հիմքեր ու մեքանիզմներ, ապա այդ հանդիպումը կարելի է ողջունել:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ գործընթացի նախապատմութիւնը ինչի՞ մասին կը վկայէ. Աղուան Վարդանեան պատասխանած է, որ նախապատմութիւնը հակառակը կը վկայէ, բայց պատերազմական պայթիւնավտանգ իրավիճակը, որ ստեղծուած է, կը պարտադրէ միջազգային հանրութիւնն ու երեք համանախագահող երկիրները՝ գտնել այնպիսի մեքանիզմներ, որոնք կը բացառեն ռազմական ուղիով հարցի լուծումը եւ հակամարտութեան լուծումը կը տեղափոխեն բանակցային դաշտ, եւ եթէ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի ծառայէ այդ նպատակին, ուրեմն, ըստ պատգամաւորին, իմաստ ունի, բայց եթէ Ատրպէյճան պիտի մերժէ այդ բոլորը, ուրեմն անիմաստ հանդիպում պիտի ըլլայ։