ՍԱՐԳԻՍ Ն.Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
– Դա՛րձեալ մտածումներու մէջ թաղուած ես, որդիս,- ըսաւ Սեւակ իր հանճարեղ որդւոյն՝ Արամին: – Միտքդ բացայայտէ ինծի, գուցէ կարենամ օգնել քեզի: Առածը կ՛ըսէ. «Երկու գլուխներ աւելի լաւ են, քան՝ մէկը»: Ի՛նչ կ՛ըսես. կ՛ուզե՞ս սիրտդ բանալ ինծի. կ՛ուզեմ իմանալ, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ այդ փոքրիկ գլուխիդ մէջ:
– Հայրի՛կ, ես շատ մտահոգուած եմ մեր հայրենիքով: Գրեթէ ամէն օր տխուր նորութիւն մը կը կարդամ Արցախի մասին… Թշնամիին տուած գրոհներուն պատճառած զոհերը օրըստօրէ կ՛աւելնան… Մենք քաջ զինուորներ կը կորսնցնենք… Անոնցմէ շատերը ընտանիքներու տէր են. ուրիշներ՝ նորահաս պատանիներ, որոնք տակաւին նոր պիտի բացուէին կեանքին… Ինչո՞ւ բանի մը չնախաձեռնենք՝ առաջքը առնելու համար այս ցաւալի վիճակին, խնայելու կեանքերը մեր կտրիճներուն, մորմոքելու վիշտը անոնց հարազատներուն՝ մայրերուն, կիներուն եւ զաւակներուն: Մենք մինչեւ ե՞րբ ձեռնածալ պիտի մնանք կամ սպասենք մեծ պետութիւններու քմահաճոյքին, այս հարցին վերջնական լուծում մը գտնելու համար:
– Սիրելի Արամս, դուն այսքա՛ն պէտք չէ մտահոգուիս… Մենք ունինք մեծ քաղաքագէտներ, որոնք օրն ի բուն այս հարցով կը զբաղին… Եկո՛ւր անոնց վստահինք…
– Ո՛չ… Թէեւ մեծ յարգանք ունիմ անոնց նկատմամբ, սակայն քաջ գիտեմ, որ անոնց որոշումները կախեալ են մեծ պետութիւններու կամքէն… Առանց այդ «մեծերու» որոշումին կամ հրահանգին, մեր քաղաքագէտները մատ մ՛իսկ չեն կրնար շարժել, ո՛ւր մնաց, որ լուրջ քայլ մը փորձեն առնել մեր հայրենիքը փրկելու: Ո՛չ. մենք ուրիշ միջոցներու պէտք է դիմենք…
– Այսի՞նքն… Դարձեա՞լ պատերազմ մղենք, որ, ըստ իս, ապարդիւն է. որովհետեւ մենք պէտք եղած ուժը՝ զէնքեր, չունինք մեզմէ գերիվեր ուժով թշնամիներու դէմ պայքարելու: Նկատի առ, որ ատրպէյճանցին առանձինն չէ. անիկա իր կողքին ունի թուրքը… Ուրիշներ, որոնք կ՛ուզեն մեզ կոտորել… յաւերժ ոչնչացնել մեզ… Մեզ սրբել աշխարհի երեսէն: Չէ՛. այդ անկարելի՛ է… Մոռցի՛ր այդ բանը… Միա՛յն հրաշք մը կրնայ փրկել մեզ:
– Ինչո՞ւ հրաշք մը, ո՞վ պիտի ըլլայ հրաշագործը, Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստո՞ս: Բայց ցարդ Ան նման բան մը չգործեց, թէպէտեւ մենք աշխարհի առաջին ժողովուրդն ենք, որ բոլոր ուրիշ ժողովուրդներէն առաջ ազգովին ընդունեցինք Զինք մեր սիրտերուն մէջ, պատերազմներ մղեցինք մեր հաւատքը պաշտպանելու համար… Կոտորեցինք ու կոտորուեցանք մեր հաւատքին վրայ հաստատ մնալու համար… Ի զո՜ւր… Տակաւին կը կոտորուինք քրիստոնէութեան ի խնդիր… Հէ՛ք հայ ժողովուրդ… Քա՛ջ հայ ժողովուրդ… Արթնցի՛ր… Ուրի՛շ միջոցներ ձեռք առնելու մասին մտածէ… Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Կամ այս ուղտը կը կառավարե՛ս, կամ ալ այս երկրէն կը հեռանա՛ս»… Բայց ինչո՞ւ հեռանալ… Հայկ նահապետ ա՛յս տեղը ընտրեց մեզի՝ իբրեւ հայրենիք… Մենք կառչա՛ծ պիտի մնանք մեր ազատատենչ նահապետի ընտրութեան… Հայկ խոցեց սիրտը Բելին… Հո՛ս ազատագրեց հայ ժողովուրդը գերութեան կապանքներէն՝ ստրկութեան ամօթալի նուաստութենէն… Ինչպէս ըսի նախապէս, ուրիշ կերպով պէտք է գործել… Թող թշնամին ի՛նք հեռանայ… Եթէ ոչ կամովին, այլ գիտական նո՛ր ուժի մը միջոցաւ…
– Սակայն ինչպէ՞ս, ի՞նչ ուժի մասին է խօսքդ… Ո՞վ ունի այդպիսի հրաշք ուժ մը… Ո՛չ իսկ մեծ ազգերը: Այդ պզտիկ գլուխիդ մէջ ինչ կ՛անցնի կը դառնայ… Ի՞նչ նոր հնարք մը ունիս, զոր միայն քու յղացումն է: Ըսէ՛ տեսնեմ, արդեօք հնարաւո՞ր է զայն գործի լծել՝ իղձդ իրականացնելու համար:
– Այո՛, հայրիկ, կարելի է: Անիկա ուժ մըն է, զոր հին եգիպտացիները գործածեցին հսկայ ժայռեր փոխադրելու՝ իրենց հրաշալի բուրգերը կառուցանելու համար: Նոյնպէ՛ս ուրիշներ, ինչպէս Կեդրոնական Ամերիկայի հին մայաները, Հարաւային Ամերիկայի ինգաները, որոնք հսկայ ժայռերով բուրգեր, այլ տեսակի կառոյցներ բարձրացուցին այնպիսի ատեն մը, երբ արդի արուեստագիտութեան մասին գաղափար իսկ չունէին: Ինչպէ՛ս անոնք կրցան այդ հսկայական քարերը փոխադրել իրենց ուզած վայրերը, նոյնպէ՛ս ալ մե՛նք կրնանք գործածել ա՛յդ ուժը, դէ՛ն շպրտել մեր թշնամիները, հեռո՜ւ, շատ հեռու մեզմէ, որպէսզի անոնք չկարենան վնաս հասցնել մեզի… Որ այլեւս չլան մեր քաջարի զինուորներուն մայրերը, կիներն ու զաւակները: Հիները ծանօթ էին այդ ուժին, զայն լիովին օգտագործեցին՝ հասնելու համար իրենց նպատակին: Անիկա շատ սովորական ուժ մըն է, որուն յատկութիւնը ցարդ գաղտնիք մնացած էր, մինչեւ որ փոքրամարմին լաթվիացի քարտաշ մը՝ Էտուարտ Լիծքալնին, կրցաւ տիրանալ ատոր, զայն օգտագործելով, շինեց իր զարմանահրաշ պարտեզը՝ հսկայ ժայռերով նաշխուած Մարճան ամրոցը:
– Դուն ուրկէ՞ քաղած ես այս բոլոր մանրամասնութիւնները, իմ անգին որդիս:
– Ես այս բոլորը իմացայ՝ գիտական ժապաւէն մը դիտած պահուս: Գիտական մեծ երեւոյթներ պարզուեցան աչքերուս առջեւ, ուրեմն, ուզեցի զանոնք փոխանցել մեր հայ գիտնականներուն:
Եթէ լաթվիացի պարզ քարտաշը կրցաւ օգտագործել բնութեան այդ պարզ օրէնքը, շինել իր «պարտէզը», ինչո՞ւ մեր հմուտ գիտնականները չկարենան զայն օգտագործել մեր թշնամիներուն դէմ, զիրենք փոխադրել այլ տեղ մը, իրենց կայքով ու գոյքով, որ մեզ հանգիստ թողուն այլեւս…
– Ի՞նչ է այդ զարմանահրաշ, հզոր ուժը, որուն մասին այնքան մեծ համարում ու հաւատք ունիս, Արամ:
– Հայրի՛կ, այդ ուժը ձգողութիւնն է: Եթէ կարենաս զայն նուաճել, զսպել, ամբողջ երկիր մը՝ իր ժողովուրդով, կրնաս «տեղափոխել»… Մատի փոքր շարժումով մը միա՛յն: Ահաւասի՛կ լուրջ զբաղում մը՝ մեր գիտնականներուն…