ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ սկսած է ընդունելու 2016-2017 համալսարանական տարեշրջանի Ռիչըրտ Ռ. Թիւֆէնքեանի անուան կրթանպաստի դիմումնագիրները:
3000 տոլարական կրթանպաստներ պիտի տրամադրուին համալսարանական հինգ հայ ուսանողներու, որոնք ամերիկեան համալսարանի մը մէջ առնուազն 3.0 վարկանիշ (Ճի.Փի.Էյ.) ապահոված են, նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին ու հայ գաղութին մէջ գործօն դերակատարներ են:
Դիմումնագիրին կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aefweb.org կայքը: Ամբողջացուած դիմումնագիրը պէտք է ամենաուշը Հայ կրթական հիմնարկութեան յղուի մինչեւ 31 Յուլիս 2016, հետեւեալ հասցէով.
600 West Broadway, Suite 130, Glendale, CA, 91204:
Ռիչըրտ Ռ. Թիւֆէնքեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամը հաստատուած է Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեաններուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց զաւակին: 1991էն ի վեր, հիմնադրամը աւելի քան 410,000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է հայ ուսանողներու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Ներկայիս հիմնադրամը տարեկան 22,500 տոլար կրթանպաստներ կը տրամադրէ, ներառեալ՝ հազարական տոլարի երկու կրթանպաստ Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտ մարզիչ աշակերտներու, 2500 տոլար՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան յաճախող ուսանողի մը, եւ Հայաստանի համալսարաններու 5 ուսանողներու տարեկան կրթաթոշակը։
Սոյն կրթանպաստով հետաքրքրուող ուսանողները կրնան նաեւ դիմել aef@aefweb.org հասցէին կամ (818) 242-4154 թիւին: