ՊԸՐՊԵՆՔ.- Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Ազգ. Առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը Մեծ Պահքի շրջանին՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպէ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին կը մատուցուին պահքի ճաշեր եւ մթնոլորտը կը ճոխանայ մշակութային սնունդով՝ գեղարուեստական յայտագիրով ու դասախօսութեամբ:
Այս տարի, պահքի այս ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Մարտ 8ին, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը Կանանց Միջազգային օրն էր: Այս բոլորը յիշատակելիօրէն ճոխ մթնոլորտ պարգեւեցին Պըրպենքի «Տի Լաքս» սրահին մէջ համախմբուած հանդիսականներուն: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներէն Թերէզ Քեմանճեան ու Էլիզապէթ Պոյաճեան, նաեւ՝ բարերարներ, ՀՕՄի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ու տիկնանց միութեանց անդամներ:
Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը սկսաւ Արեւագալի ժամերգութեամբ, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ սրահին մէջ: Արարողութենէն առաջ, տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Սօսի Կէօքկէօզեան, որ անդրադարձաւ Մեծ Պահքի նշանակութեան եւ մէջբերելով եկեղեցւոյ սրբազան հայրերէն մեծն Բարսեղի խօսքերը՝ ըսաւ. «Պահեցողութիւնը մեր բարկութիւնը զսպելն է, հեզութեան ճամբան ընտրելն է, մաքուր եւ ուղիղ սիրտ ունենալն է, մեզմէ վատ մտածումներն ու փափաքները հեռացնելն է, բարեգործութեան կեանք մը ապրիլն է։ Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ մեզի իմաստութիւնն ու ուժը պարգեւէ՝ կենսաւորելու վերոյիշեալ յորդորները»: Ան աւելցուց, որ այս շրջանին, «մեր եկեղեցին մեզ կ՛առաջնորդէ սքանչելի կեանքի մը։ Տեղի կ՛ունենան հոգեպարար արարողութիւններ՝ Արեւագալը եւ Հսկումը, որոնք Աստուծոյ հետ հոգիով զրոյցներ են։ Արեւագալը, ինքնին, արեւու լոյսին փառաբանանքն է, Քրիստոսի՛ լոյսին, որ հոգին կը լուսաւորէ ու միտքը կը պայծառացնէ. Հսկումին կը տողանցեն մեր լուսարար հայրերը՝ Նարեկացի, Շնորհալի, եւ սուրբ նախնեաց աղօթքները կը հնչեն»։
Ապա տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւնը։ Առաջնորդը, իր կողքին ունենալով Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանը, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանը, Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը, Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը, կատարեց արարողութիւնը՝ հրաւիրելով ներկաները, որ մասնակցին ժամերգութեան, անոնց տրամադրելով արարողակարգը: Ներկաները մեծ գուհունակութեամբ մասնակից դարձան արարողութեան:
Արարողութեան աւարտին, սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ճաշի պահուն, արուեստագէտ Նեկտարին, քանոնի վրայ նուագով եւ կիներու ու մայրերու նուիրուած երգերով, սրահին մէջ տարածեց հայկական երգարուեստի բոյրը:
Ճաշէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսը՝ բազմավաստակ ուսուցչուհի եւ մշակութային գործիչ Ծովինար Մելքոնեան, որ իբրեւ նիւթ ունէր հայ կնոջ դերը անցեալին ու մեր օրերուն: Ան առաջին հերթին խօսեցաւ մեր պատմութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած կիներու մասին, որոնց կարգին են Աշխէն թագուհին եւ այլ իշխանուհիներ, ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութիւնը դիմագրաւած հայ կիներու առաքինութեանց՝ նշելով, որ եթէ հայ կինը, անցեալին թէ Եղեռնի օրերուն, տոգորուած չըլլար առաքինութիւններով, ապա դարեր շարունակ տեղահան եղած ազգ մը ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէր։ «Միշտ նոր երկինք, նոր պայմաններ եւ նոր դժուարութիւններ դիմագրաւած է հայ կինը՝ յաղթահարելով ամէն կարգի խոչընդոտներ», շեշտեց Մելքոնեան։
Անդրադառնալով ժամանակակից հայ կնոջ առաքելութեան՝ դասախօսուհին ըսաւ. «Հայ կինը, 21րդ դարու գիտութեամբ եւ ուսումով սպառազինուած, արդիական արհեստագիտութեան տիրապետած եւ գիտակից իր կանացի կոչումին՝ կը շարունակէ հայկական աւանդոյթներու եւ հայ մշակութային արժէքներու փոխանցման ռահվիրան մնալ, ընտանեկան թէ ընկերային միջավայրերու մէջ, ներբողելով հայ մշակոյթի արժէքային համակարգն ու աւանդական սովորութիւնները, հայապահպանման գլխաւոր գործօն համարելով զայն»:
Ան իր դասախօսութիւնը եզրափակեց Պօղոս Սնապեանի հետեւեալ խօսքով. «Աստուած բան մը գիտէր, որ այր մարդուն կողքին ստեղծած է կինը, այլապէս՝ կեանքը պիտի դառնար իմաստազուրկ. կինը աղն է կեանքի, կինը համն է կեանքի, թէ՛ իբրեւ կին, թէ՛ իբրեւ մայր, թէ՛ իբրեւ ներշնչման աղբիւր, արուեստի բոլոր մարզերէն ներս»:
Պահքի ճաշկերոյթին եւ Կանանց Միջազգային օրուան զուգադիպութեան լոյսին տակ, կազմակերպիչ մարմինը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր պատուելու թեմին մէջ ծառայած ու ծառայող երէցկիները: Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց զանոնք, իսկ առաջնորդն ու տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան անոնց նուիրեցին Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը՝ թարգմանուած 33 լեզուներու, ինչպէս նաեւ՝ Ս. պատարագի ձայնագրեալ սկաւառակը: Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց պատիւի արժանացած երէցկիները, գնահատեց անոնց նուիրեալ աշխատանքները մեր եկեղեցիին մէջ ու մաղթեց, որ անոնք անխոնջ կերպով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։
Խօսելով հայ կնոջ առաքինութեանց մասին՝ սրբազանը ըսաւ. «Մեր պատմութեան մէջ, հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ յարգանքի, պատիւի եւ յատուկ հոգածութեան արժանացուցած է հայ կինը, որովհետեւ անոր մէջ տեսած է ազգին ապագան։ Հայ կինն է առողջ ընտանիքի, ընկերութեան, ազգի եւ եկեղեցիի երաշխիքը»։ Ապա անդրադառնալով նաեւ Աստուածամօր կերպարին՝ ան յիշեցուց, որ Ան ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ առաքինութեամբ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ եւ մաքրութեամբ՝ դառնալով կիներուն ամէնէն օրհնեալն ու ընտրեալը, Աստուածորդւոյն մայրը:
Սրբազանը նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ դասախօսին մասին, որ սպառիչ կերպով բացատրեց Մեծ Պահքի իմաստն ու հայ կնոջ դերը, ապա շնորհաւորեց բոլոր կիները՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանի մէջ կիներու տօնը կ՛երկարի մէկ ամսուան վրայ եւ իր աւարտին կը հասնի Ապրիլ 7ին, որ Աւետման տօնն է: Ան բոլորը յորդորեց հայ կնոջ մայրական եւ ազգանուէր ծառայութիւնը շարունակել վերանորոգութեան ոգիով՝ այս տօնը նկատելով հայ կնոջ առաքելութեան ուխտի վերանորոգման օր:
Վերջաւորութեան, առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ կազմակերպիչ մարմինին մասին, որ նման բազմօգուտ նախաձեռնութիւններով կը հարստացնէ Ազգ. առաջնորդարանի տարեգրութիւնը:
Ստեղծուած հայադրոշմ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: