ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Շաբաթ, 25 Մարտի երեկոյեան, Մոնթրէալի Վանիէ քոլեճի (Vanier College) թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քամպոտիացիներու «Լը Սանթր Խեմարա»ի (Le Centre Khemara) կազմակերպած տարեկան մշակութային երեկոն՝ «La Culture sans Frontieres, du Cambodge, dici et dailleurs» խորագիրով: Յատուկ հրաւէրով, հայ համայնքէն ձեռնարկին ներկայ էին Մոնթրէալի Համազգայինի ատենապետուհին եւ Հայ Դատի յանձնախումբէն երկու ներկայացուցիչներ:
Սոյն ձեռնակին, ուրիշ ազգերու կողքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը: 16 ամեայ Մեղրիկ Գանձասարեան ներկայացուց «Էրզրումի Շորորը» իր մշակած նուրբ հայկական պարային շարժումներով եւ Քանոնի հմուտ կատարողութեամբ: Ապա, Համբիկ Ճապուրեան տուտուկով ներկաները հմայեց իր «Տլէ Եաման»ի մեկնաբանութեամբ: Ներկաները բարձր գնահատեցին հայկական գեղեցիկ արուեստը՝ զայն կոչելով «կախարդական»:
Նշենք, թէ հայ համայնքը մաս կը կազմէ «Ցեղասպանութեան իրազեկման եւ յիշատակման դաշինք»ին, որ ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին: Դաշինքին մաս կը կազմեն Ցեղասպանութիւն ապրած հինգ երկիրներ՝ Հայաստան, Քամպոտիա, Իսրայէլ, Ուքրանիա եւ Ռուանտա: