ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հոկտեմբեր 1ին, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ «Օրրան» բարեսիրական կազմակերպութեան տարեկան 5րդ դրամահաւաքի ընթրիքը: Միջոցառման մասնակիցներուն շարքին էին յայտնի արուեստագէտներ, երաժիշտներ, քաղաքական գործիչներ, գործարարներ, որոնք համախմբուած էին «Օրրան»ի շուրջ՝ նպաստելու Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցելու ջանքերուն:
Ընթրիքը ընթացաւ ջերմ եւ աշխոյժ մթնոլորտի մէջ եւ կարելի եղաւ հանգանակել 200,000 տոլար, որ պիտի օգնէ «Օրրան»ին շարունակելու իր երեւանեան եւ վանաձորեան կեդրոնները յաճախող 300 կարիքաւոր երեխաներուն եւ 100 տարեցներուն սնունդի եւ կրթական, հոգեբանական, ընկերային ու բժշկական սպասարկութիւններ տրամադրելու աշխատանքը:
Միջոցառման աւանդաբար մաս կազմող աճուրդի նմուշները այս տարի բազմաթիւ էին եւ բազմազան: Աճուրդը յաջողապէս իրականացնելուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցան «System of A Down» նուագախումբի անդամները, որոնք վաճառքի համար նուիրած էին թանկարժէք առարկաներ: Շաւօ Օտաճեանի նուիրած արծաթեայ վզնոցը հնարաւոր եղաւ վաճառել 2000 տոլարով, իսկ Ճան Տոլմայեանի նուիրած երաժշտական ափսէն, որ նկարազարդուած էր վերջինիս կողմէ, վաճառուեցաւ 16,500 տոլարով: Նաեւ, Սերժ Թանքեան աճուրդի համար նուիրած էր իր ելեկտրական կիթառը, որով ան հանդէս եկած էր խումբին վերջին համաշխարհային շրջագայութեան ընթացքին։ Կիթառը կարելի եղաւ վաճառել 17 հազար տոլարով:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի, Սերժը «Օրրան»ին դարձեալ նուիրած էր իր կիթառներէն մէկը, որով ան ելոյթ ունեցած էր 2015ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած համերգին ընթացքին, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձին:
Ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան ի նպաստ 2500 տոլար հաւաքած եւ այս տարի «Օրրան»ին 4 կարի մեքենաներ ու 350 փաունտ կերպասներ հասցուցած քոյր-եղբայր սկաուտներ Ճոզէֆ եւ Անի Յովհաննէսեանները (Լակունա Պիչէն) ներկայացուցին իրենց նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները։
«Օրրան»ի հիմնադիր Արմինէ Յովհաննիսեան, բարեգործական սոյն ընթրիքին յաջող կայացման առթիւ նշեց. ««Օրրան»ի ընթրիքը գալիս է փաստելու այն, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, ովկիանոսի որ ափում էլ բնակուի, միշտ պատրաստ է օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենիքում ապրող կարիքաւոր ընտանիքներին: Ոգեշնչող է տեսնել այսքան մարդկանց, որոնք, լինելով տարբեր ոլորտներից՝ համախմբուել են «Օրրան»ի շուրջ, որպէսզի ծայրայեղ սոցիալական պայմաններում յայտնուած փոքրիկներն ու տարեցներն ունենան անհոգ կեանք»:
Յիշեցնենք, որ «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2000ին՝ Ռաֆֆի եւ Արմինէ Յովհաննիսեաններուն կողմէ՝ կարիքաւոր ընտանիքներու օգնելու առաքելութեամբ: Իւրաքանչիւր տարի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՛ունենան «Օրրան»ի դրամահաւաքի ընթրիքներ, որոնց ընթացքին կը հանգանակուին անհրաժեշտ դրամական միջոցները՝ շարունակելու կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնելու առաքելութիւնը: «Օրրան»ի մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, կարելի է այցելել www.orran.am կայքը:
—
«Օրրան»ի երեխաները Ճոզէֆ եւ Անի Յովհաննէսեաններուն (կեդրոնը) հետ