ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Դեկտեմբեր 4ին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Քլաար նշած է, որ Պաքու տուած այս այցելութիւնը իր առաջին այցելութիւնն է, մինչ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ ան այսուհետեւ յաճախ կ՛այցելէ Ատրպէյճան:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մասին: