ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմին, Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակցած, տարբեր գաղութներէ եկած կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն եւ հրաւիրեալներուն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ներկաները դիտեցին Ազգային միացեալ վարժարանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Պուրճ Համուտի մէջ բարձրացած Ազգային միացեալ վարժարանը սովորական հաստատութիւն չէ, այլ՝ արդիական կարելիութիւններով օժտուած՝ ունի շատ աւելի ընդգրկուն գործադաշտ եւ կոչուած է դառնալու հայ կեանքին նոր որակ ու դիմագիծ տուող եւ սերունդներու պատրաստութեան դարբնոց եղող ազգային եզակի հաստատութիւն մը: Հաւաթեան ըսաւ, որ անցնող օրերուն ընթացքին Ազգային ընդհանուր ժողովի բոլոր օրակարգերուն մէջ նորահաս սերունդը՝ երիտասարդութիւնը դարձաւ հիմնական առանցք եւ անոր հանդէպ ցուցաբերուելիք գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ ժամանակակից կարելիութիւններով ու գործելաոճով անոր հետ հաղորդակից մնալու անհրաժեշտութիւնը շեշտադրուեցան բազմաթիւ անգամներ:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Մենք ո՛չ միայն յաջողեցանք դպրոց կառուցելու դերակատարութեամբ ներկայանալ մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ, հակառակ մեր շուրջ տիրող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր ու անորոշ պայմաններուն, յաջողեցանք բաց ճակատով դիտել այս յարկին մէջ նոր սկիզբ առած կրթական աշխատանքներուն դէպի վերելք ընթացող թափը»:
Ընթրիքի աւարտին իր հայրական պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի զաւակները ո՛ւր որ գացին, իրենց տունը շինելէ առաջ Աստուծոյ տունը շինեցին, եւ Աստուծոյ տան կողքին շինեցին Մեսրոպ Մաշտոցի տունը՝ հայեցի կրթութեան տունը, հայ դպրոցը: Եւ մեր կեանքին մէջ եկեղեցւոյ կողքին դպրոցին ներկայութիւնը պարագայական երեւոյթ մը չէ, ազգային, հոգեւոր, մշակութային խորունկ իմաստ ունի: Եկեղեցին ու դպրոցը իրենց կեանքով ու առաքելութեամբ սերտօրէն առնչուած են: Մեզի համար կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, եւ կարելի չէ անոնց միջեւ բաժանման գիծ մը հաստատել»:
Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ մեր Ազգային առաջնորդարաններու պիւտճէներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ դպրոցը, որովհետեւ մեզի համար հայ ուսուցիչը ամէն բանէ վեր է, եւ հայ դպրոցին հզօրութիւնը գաղութի հզօրութիւնն է: Արամ Ա. կաթողիկոս Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման առիթով յատուկ գնահատանք փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան, յարակից քոյր կազմակերպութիւններու միութիւններուն եւ բարերարներուն, որոնք հաւաքական ճիգերով իրականացուցին ծրագիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ վարժարանի առաջին բարերարը եղաւ Հրայր Սարգիսեան, որ ո՛չ միայն մասնակից դարձաւ մեր հաւաքական կեանքին, այլեւ զանազան բարերարութիւններով ու ծառայութիւններով իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր ժողովուրդի զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր ներդրում կատարեց այս դպրոցի շինութեան մէջ: Այս առիթով, առ ի գնահատանք ներդրումին, Արամ Ա. կաթողիկոս բարերար Հրայր Սարգիսեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանի շքանշանով: