ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- «Անոնք, որոնք սրբավայրեր կ՛այրեն, մարդ արարածն ալ կ՛այրեն». այս բառերով ռաբբի Արթուր Շնայտըր բացումը կատարեց Միջին Արեւելքի մէջ սրբավայրերու բռնագրաւման նուիրուած քննարկումին, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 6ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հալածանքին առնչուող խորհրդաժողովի ծիրէն ներս։
Միջազգային այս խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան՝ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած հայերու, յոյներու եւ ասորիներու սրբավայրերուն ու սեփականութեանց պատմութիւնը:
Նահապետեան յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եզակի էր այն առումով, որ առաջին անգամ փոքրամասնութեան մը սեփականութիւնը կը բռնագրաւուէր յատկապէս այդ նպատակով վաւերացուած պետական օրէնքներու հիման վրայ։
«Քանդելով համայնքը, մարդիկը զրկելով իրենց սեփականութենէն՝ զանոնք կը տկարացնէին, իսկ բռնագրաւելով անոնց սրբավայրերը՝ զանոնք կը զրկէին վերադառնալու հաւանականութենէն», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Վիգէն արք. Այկազեան յիշեցուց, որ ներկայիս ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերուն կողմէ գործածուող թրքական Ինճիրլիքի խարիսխին հողը կը պատկանէր հայերու։
«Մենք այդ երկրին (Թուրքիա) մէջ երբե՛ք պարզապէս փոքրամասնութիւն չենք եղած. մենք Պոլսոյ, Փոքր Ասիոյ եւ Անատոլիոյ բնի՛կ ժողովուրդ ենք», ըսաւ ան՝ նշելով, որ միայն Անատոլիոյ մէջ, մինչեւ Ցեղասպանութիւն, կը գործէին 2600է աւելի հայկական եկեղեցիներ եւ վանքեր, իսկ այսօր պայմանականօրէն կը գործէ միայն Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին:
Ան միաժամանակ ազդարարեց, որ յաւելեալ քայլեր պէտք է առնուին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան համար, այլապէս՝ այն հողերուն վրայ, ուր ծնած է քրիստոնէութիւնը, կրնայ քրիստոնեայ չմնալ: