ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մինչ մեկնաբաններուն մեծ մասը կեդրոնացած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական թիրախային ռմբակոծումի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վրայ, միայն շատ քիչերը կը գիտակցին, որ այս յարձակման իբրեւ հետեւանք՝ ամէնէն շատ վնասուողը Թուրքիան պիտի ըլլայ։
Երկու շաբաթ առաջ, երբ նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները «շատ շուտով» իր զինուորները դուրս պիտի բերէ Հիւսիսային Սուրիայէն, թրքական կառավարութիւնը հրճուանքի մէջ էր: Թրքական ներխուժումը Աֆրին նպատակ կը հետապնդէր ընդլայնել Մընպեճի եւ ամբողջ Հիւսիսային Սուրիոյ բռնագրաւումը՝ այդ շրջանէն քիւրտ զինեալները դուրս մղելու համար: Թրքական զօրքերու ճամբուն վրայ կանգնած միակ խոչընդոտը ամերիկեան զինուած ուժերն էին՝ Մընպեճի շրջանին մէջ իրենց 2000 զինուորներով: Ամերիկեան զօրքերուն վրայ յարձակելու թրքական յաճախակի սպառնալիքները չէին վախցուցած Միացեալ Նահանգներու հրամանատարները, որոնք հաստատակամ էին տեղւոյն քրտական բնակչութեան պաշտպանութեան գործին մէջ։
Երկու շաբթուան ընթացքին Թրամփ փոխեց իր դիրքորոշումը՝ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու անյապաղ հեռացման գծով: Ուաշինկթընի եւ Փարիզի վերջին զեկոյցներուն մէջ կը նշուի, որ Փենթակոն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն «համոզած» են նախագահ Թրամփը՝ մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծումը՝ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը Սուրիոյ մէջ պահելու, կամ ամերիկեան ուժերը՝ արեւմտեան եւ արաբական այլ երկիրներու կողմէ փոխարինելու առումով: Թուրքիոյ ղեկավարները եւս հիասթափուած էին, որ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն պաշտօնանկ ըլլալուն պատճառաւ չէր կրնար պահել Էրտողանի տուած իր այն խոստումը, ըստ որուն՝ ամերիկեան զօրքերը շուտով պիտի հեռանան Հիւսիսային Սուրիայէն։
Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութեան պատճառով կը սահմանափակուի Թուրքիոյ կարողութիւնը Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալներու վրայ յարձակելու: Հակառակ իր խենթ պոռթկումներուն՝ Էրտողան չի պատրաստուիր թիրախ դարձնելու Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը, կամ, ինչպէս ինք կը նկարագրէ՝ «օսմանեան ապտակ հասցնելու ամերիկացիներուն»…: Այսպիսով, Դամասկոսի մօտերը գտնուող Տումայի մէջ քաղաքացիներու վրայ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ քիմիական յարձակումներու անհիմն մեղադրանքները հաւանաբար կազմակերպած էին անոնք, որոնք կը փափաքէին կանխել ամերիկեան զօրքերու հեռացումը Հիւսիսային Սուրիայէն՝ մեծ ցաւ պատճառելով Թուրքիոյ…: Հետաքրքրական է, որ ռմբակոծումէն քիչ առաջ, Թրամփ իր ելոյթին մէջ ոչ մէկ խօսք ըսաւ այն մասին, թէ ինչպիսի ապացոյցներ ունի քիմիական յարձակման մէջ Սուրիոյ վարչակազմի պատասխանատուութեան առնչութեամբ։
Տեղին է նշել, որ Սուրիան ռմբակոծելը հակասական արձագանգներ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ: Թէեւ Էրտողան դժգոհ էր Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութենէն, սակայն հրճուանքի մէջ էր՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի յարձակումներէն, որովհետեւ Թուրքիա կը փափաքէր թուլցնել սուրիական վարչակարգը եւ տապալել նախագահ Պաշշար Ասատը: Սակայն, ռմբակոծումը այսպիսի նպատակ չ՛ունէր. նախագահ Թրամփ յարձակումէն ետք իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ գրեց. «Առաքելութիւնը աւարտած է»…: Բոլորը, բացառութեամբ Էրտողանի, համաձայն են, որ նախագահ Ասատ կը տիրապետէ իրավիճակին, Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ, եւ թէ անոր տապալումը միայն կը նպաստէ տիրող իրավիճակի վատթարացման՝ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ…
Սուրիան ռմբակոծելու թրքական գովասանքի բացասական հետեւանքը՝ յարաբերութիւններու վատթարացումն էր Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ, որոնք նախագահ Ասատի հաւատարիմ պաշտպաններն են եւ այդ հարուածները խիստ քննադատողները: Բացի ատկէ, Էրտողան իրեն դէմ թշնամացուցած է իր ներքաղաքական ընդդիմութիւնը եւ թրքական հասարակութեան մեծ հատուած մը, որոնք վրդոված են՝ եղբայրակից մահմետական երկիրի մը վրայ արեւմտեան երկիրներու յարձակումներուն պատճառով։
Թուրքիա նաեւ դժգոհ է, որ նախագահ Թրամփ յարձակումէն առաջ իր ելոյթին մէջ որպէս «մեր բարեկամներ» յիշատակած է Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Քաթարը եւ Եգիպտոսը՝ անտեսելով ՆԱԹՕի դաշնակից Թուրքիան՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ անոր մերձեցման պատճառով։
Հետաքրքրական է, որ Թրամփ իր ելոյթին մէջ քննադատած է Ռուսիան եւ Իրանը՝ ըսելով. «Ինչպիսի՞ պետութիւններ կը փափաքին կապուած ըլլալ անմեղ մարդոց, կիներու եւ մանուկներու զանգուածային սպանութիւններու հետ: Աշխարհի պետութիւնները կարելի է դատել անոնց բարեկամներով: Վերջիվերջոյ, ոչ մէկ ազգ կրնայ յաջողութեան հասնիլ՝ աջակցելով ստոր պետութիւններու, դաժան բռնակալներու եւ արիւնարբու բռնապետներու»: Ցաւալի է, որ Ապրիլ 24ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին, Թրամփ կը յարձակի այլ երկիրներու վրայ, որոնք կ՛ընկերակցին արիւնարբու պետութեան՝ անտեսելով այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը Թուրքիան է: Երկիր մը, որ կը ժխտէ 1.5 միլիոն հայերու սպանդը եւ կը պաշտպանէ իրեն նախորդող՝ քրէական օսմանեան վարչակարգը, որ իրականացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքերը. «Կեղծաւո՛ր, նախ հանէ՛ քու աչքէն գերանը, ապա միայն կրնաս յստակ տեսնել՝ եղբօրդ աչքէն շիւղը հանելու համար»։
Ինչպէս գրած էի տարի մը առաջ, երբ նախագահ Թրամփ «Թոմահոք» տեսակի հրթիռներ արձակած էր Սուրիոյ վրայ, ան պարզապէս հարուածած էր Սուրիան՝ ամերիկեան հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար, սեռային բազմաթիւ անբարոյականութիւններէ, ապօրինութիւններէ եւ Ռուսիոյ հետ իր գաղտնի յարաբերութիւններուն կապուած քննութիւններէն։
Վերջապէս, Թրամփ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն խախտած են իրենց երկիրներուն սահմանադրութիւնները՝ պատերազմելով մէկ այլ ինքնիշխան պետութեան դէմ, առանց ստանալու իրենց օրէնսդիր մարմիններուն համաձայնութիւնը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ