ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Armenia.az», «Էրմենիհապեր».- Հոկտեմբեր 30ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու 6րդ եռակողմ հանդիպումը, որուն աւարտին հրապարակուած հռչակագիրին մէջ, ի միջ այլոց, կ՛ըսուի. «Նախարարները նշեցին պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու եւ բոլոր հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներուն վերաբերեալ պարտաւորութիւնները՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան, յատկապէս՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային ճանչցուած պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ յարգանքին վերաբերեալ: Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ վերոնշեալ սկզբունքներուն հիման վրայ հայ-ատրպէյճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կարեւորութիւնը»:
Հանդիպման աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին մէջ մինչեւ տարեվերջ որեւէ յառաջընթաց կ՛ակնկալուի՝ ըսաւ. «9 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Չենք գիտեր, թէ ով պիտի յաղթէ այդ ընտրութիւններուն, բայց եթէ յաղթող թեկնածուն մեծ աջակցութիւն ստանայ, այդ մէկը ցոյց պիտի տայ, որ Հայաստանի բնակչութիւնը կը վստահի իրեն: Եթէ Հայաստան չկարենայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բնականոն, բարի դրացիական յարաբերութիւններ կառուցել, Հայաստանի անկախութիւնը կրնայ հարցականի տակ դրուիլ»:
Ան նաեւ յիշեցուց, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները 1 Նոյեմբերին պիտի այցելեն Պաքու, նոյն ժամանակ յոյս յայտնելով, որ մինչեւ տարեվերջ հանդիպում մը եւս կ՛ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, Մինսկի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ: «Յոյս ունիմ, որ այդ հանդիպումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ», եզրակացուց Մամետեարով: