ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ես կը հաւատամ, որ նոր կառավարութիւնը քաջատեղեակ է եւ կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետ իր համագործակցութիւնը, Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ յայտարարեց ԵՄի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սուիթալսքի:
«Եւ ես վստահ եմ, որ անոնց առաջնահերթ նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ առաւել արդիւնաւէտ եւ հայ ժողովուրդի համար առաւել շահեկան համագործակցութիւնը մեզի հետ: Մենք բոլորովին համաձայն ենք այդ մօտեցման հետ, եւ կը փորձենք աւելի օգտակար դարձնել մեր համագործակցութիւնը», ըսաւ ԵՄի ներկայացուցիչը:
ԵՄ դեսպանը նկատել տուաւ, որ ԵՄի հետ համագործակցութիւնը ոչ միայն դրամի մասին է, այլ նաեւ՝ առեւտուրի ու գործարարութեան զարգացման համար խթաններ առաջարկելու:
«Հայաստան-ԵՄ նոր համաձայնագիրի՝ ՀՀի կողմէ կիրառումը կը ծառայէ իբրեւ այս ճանապարհի հիմք: Ես կը հաւատամ, որ նոր կառավարութիւնը քաջատեղեակ է այս հնարաւորութենէն», ըսաւ Սուիտալսքի:
«Մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքները նոր կառավարութեան հետ: Եւ ես վստահ եմ, որ դուք շատ շուտով պիտի տեսնէք նոր պայմանգիրներու արդիւնքները՝ նոր ֆինանսական պայմանագիրներ, նոր համաձայնագիրներ», ըսաւ ան: