ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ իբրեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ քաղաքական փորձառութիւն ունեցող կուսակցական, անդրադառնալով ապագայ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ունենալիք դերին՝ ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը լաւագոյն ուժն է, որ կրնայ միաւորել Հայաստանը եւ Սփիւռքը դէպի Հայաստանի հզօրացում: Դաշնակցութիւնը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին միշտ պաշտպանած է հայ ժողովուրդին շահերը: Երբ երկիրը սովետական բռնատիրութեան տակ էր, ըլլալով Հայաստանի անկախութեան զինուորը՝ Դաշնակցութիւնը միակ ուժն էր, որ կ՛երազէր հայ ժողովուրդի փայլուն ապագային մասին: Դժբախտաբար, ծայրայեղ հակադաշնակցական եւ սովետական աժան քարոզչութիւնը հասած է իր նպատակին: Դժբախտաբար, պէտք է ընդունիլ, որ չենք յաջողած Հայաստանի ժողովուրդին ՀՅԴի իսկական պատկերը փոխանցելուն մէջ, սակայն ուշ չէ: Այսօր, երբ Հայաստան դարձած է անկախ պետութիւն, իբրեւ առաջնահերթութիւն պէտք է բարձրացնել պետականութեան հզօրութիւնը, Դաշնակցութիւնը միասնականութեան պատգամ կը յղէ բոլորին: Միասնական ու պատասխանատու ուժը նշանակալի իմաստ ունի մեր ժողովուրդին համար, յատկապէս այն պարագային, երբ անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ կան: Չկարծենք, որ Թուրքիա ու Ատրպէյճան հրաժարած են իրենց պատերազմական ոճը գործադրելէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի դէմ»։
Պատասխանելով հարցումին, թէ մօտ ապագային որո՛նք պէտք է ըլլան ՀՅԴ ծրագրային եւ գաղափարական առաջնահերթութիւնները՝ Փափազեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը՝ աշխարհի առաւել քան 30 երկիրներու մէջ իր ներկայութեամբ, Հայ Դատի իր յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու միջոցով, իր տասնեակ հազարաւոր աշխոյժ անդամներով, հաւատարիմ երիտասարդական շարքերով, ազդեցիկ համակիրներով, այն ուժն է, որուն կարիքը ժողովուրդը ունի: Համահայկական կառոյց ունեցող Դաշնակցութիւնը՝ իր ներքին փայլուն մարդուժով եւ արտաքին լայն լծակներով ու կապերով, անպաշտօն եւ լրջագոյն դիւանագիտութիւն, ուժ է՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդի շահերուն:
Այսօր, ժողովուրդի կամքին շնորհիւ, ժողովրդական շարժումին հետեւանքով, նոր սկիզբ որդեգրուած է: Ամբողջովին յարգելով ժողովուրդին փոփոխութեան ուղղութեամբ յոյսերը՝ միասին վերանայինք Դաշնակցութեան մասին հին եւ սխալ գաղափարներուն: Հաւատանք նորին եւ ճիշդին՝ մէկ կողմ դնելով աղտոտ, օտար ուժերու կողմէ հին ժամանակներէն ՀՅԴի դէմ տարուող քաղաքականութիւնը: Յարգենք նոր սկիզբի գաղափարը՝ 9 Դեկտեմբերին քուէարկելով ՀՅԴի կողմէ առաջադրուած թեկնածուներու օգտին»:
Election reform + 6 month accountability =invincibility .
Իսկ ո՞ւր է «մօտ ապագային որո՛նք պէտք է ըլլան ՀՅԴ ծրագրային եւ գաղափարական առաջնահերթութիւնները» հարցումին պատասխանը: