ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ազգային ժողովի հերթական նիստը, որ պիտի քննարկէր կաշառակերութեամբ ամբաստանուած պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանի անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու հարցը, տեղի չունեցաւ՝ մեծամասնութեան բացակայութեան պատճառով:
Մեծամասնութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ էր 53 պատգամաւորի ներկայութիւնը: Նիստին ներկայ էին միայն 26 պատգամաւորներ:
Արամ Յարութիւնեան մեղադրուած է հանքի շահագործման արտօնագիր տրամադրելու դիմաց 14 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու յանցանքով: