«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ընտրապայքարը աւարտած է: Արդեօք կրնա՞նք մեր ելոյթները ձերբազատել զուտ քարոզչական շեշտաւորումներէ եւ աւելի խորունկ վերլուծումներով գնահատել ստացուած արդիւնքները:
Ներկազմակերպական քննարկումները, այո, պիտի ըլլան: Ժողովուրդը այդ քննարկումներուն հաղորդ պահելով կը շահի՞նք, թէ կը կորսնցնենք: Թերեւս ամէնէն առաջ այս հարցը պէտք է քննել՝ թէկուզ ներքին կարգով: Հանրութեան աչքին, Դաշնակցութիւնը արդէն կատարած է ընտրութիւններու գնահատումը՝ պաշտօնապէս բանաձեւելով յետ-ընտրական իր յայտարարութիւնը: Ուրեմն Դաշնակցական գործիչներու բոլոր արտայայտութիւնները պիտի սահմանափակուի՞ն այդ յայտարարութիւնը կրկնելով: Իսկ կրկնութիւնը կազմակերպական կարգապահութեան ցուցանի՞շ պիտի նկատուի:
Չենք ուզեր կրկնել, որ քննարկումները ինչ բովանդակութեամբ ալ յառաջ երթան, մանաւանդ այս հանգրուանին, ոչ մէկ ձեւով կրնան նկատուիլ ներկուսակցկաան բաժանումներու նշաններ կամ ապացոյցներ: Դաշնակցութիւնը հնարաւոր չէ պառակտել, այս բացարձակ ճշմարտութիւնը կրկնելը այլեւս անհեթեթ կը դառնայ: Այդ նոյն ճշմարտութենէն մեկնելով՝ ներքին քննարկումներով չսահմանափակուիլը տրամաբանական կարելի է համարել:
Յամենայնդէպս, այս հանգրուանին թերեւս ամէնէն կարեւոր պատգամը, զոր կրնանք տալ ժողովուրդին այն է, որ կուսակցութեան ստացած քուէներու թիւով մտահոգ ենք ու պիտի աշխատինք, մեր գործունէութիւնը պիտի ծրագրենք ու կազմակերպենք լայն զանգուածներու վստահութեան արժանանալու ձգտումով: Նախ պէտք է արժեւորենք մեր կայուն ընտրազանգուածը, արդեօք նոյն շրջանակին մասի՞ն կը խօսինք, թէ այդտեղ ալ փոփոխութիւններ կան, իմանանք անոր հաւատարմութեան հիմքերը: Այդ շրջանակը մեծցնելու ճամբով աւելի ծանրակշիռ դարձնենք մեր ներդրումը պետութեան զարգացման եւ ուժեղացման գործին մէջ: Դաշնակցութեան իր քուէն վստահած այդ կայուն զանգուածը ի՛նք կ՛ակնկալէ, որ կուսակցութիւնը գտնէ երկրին մէջ աւելի ազդեցիկ դառնալու մարտավարութիւնը:
աս օրերուն աւելի յստակ բացատրութիւն կըսպասէ ժողովուրդը. հոս ոչ մուրճ կայ, ոչ ալ գամի գլուխ: Համակիրներս սորված ենք որ դաշնակցութիւնը միշտ իր ըսելիքը յստակ ըսած է, ասկէ աւելի յստակ: