Հայաստանի հետ կը պատրաստուի փաստաթուղթ մը, որ կ՛երաշխաւորէ տարածքին մէջ օտարերկրեայ զինուորականներու բացակայութիւնը, այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ «Քոմսոմոլսկայա Փրաւտա» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Լրագրողը նշեց, թէ «Խորհրդային նախկին հանրապետութիւններուն մէջ երիտասարդութիւնը կը դաստիարակեն հակառուսական տրամադրութիւններով»: Պատասխանելով՝ Լաւրով ըսաւ. «ԱՊՀի երկրներուն մէջ մեր դիւանագէտներուն թիւը շատ աւելի փոքր է՝ քան Միացեալ Նահանգներունը»:
«Հայաստանի մէջ, ի դէպ, ամերիկացիներուն դեսպանատունը աշխատակազմի թիւով երկրորդն է աշխարհի մէջ», նկատել տուաւ լրագրողը:
«Անշուշտ, անոնք քանակական առաւելութիւն ունին: Ճիշդ չէ այն պնդումը, որ ԱՊՀի երկիրներուն մէջ մենք չենք աշխատիր քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ: Կ՛աշատինք նաեւ համակարգային բոլոր ընդդիմադիրներուն հետ: Մենք յեղափոխութիւններու պատճառաւ դիմադրողականութիւն ձեռք ձգած ենք: Մենք մէկ յեղափոխութիւն չենք ունեցած…», ըսաւ Լաւրով: