ԴՈԿՏ. ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Նորութիւն չէ յայտարարել, որ Դաշնակցութիւնը «դէպի ժողովուրդ եւ ժողովուրդին համար» քաղաքական մտածողութեան նկարագիր ունի: Հայրենիքի մէջ այս նկարագիրը քաղաքական իր գետինը կը գտնէ ժողովուրդին կեանքը բարեկարգելու եւ զարգացնելու գործին մէջ: Կ՛ամրագրէ այն համոզումը, որ քաղաքական իրական գործը կը պատկանի ժողովուրդին, անոր կեանքին եւ ենթակառոյցին: Կը հաստատէ, որ քաղաքականութիւնը սովորական անհատին առօրեայ կենցաղն է, անոր ամէնօրեայ, բնական կեանքը, ապրումը, առեւտուրը եւ կերուխումը:
Ուստի, ժողովուրդի կենցաղին հետ կապուած բարեկարգման եւ զարգացման քայլերը քաղաքական իրագործումներ են: Այս գործին մէջ է որ Դաշնակցութիւնը կը դառնայ իր հայրենիքին կառչած ու իր ժողովուրդը քաղաքականացնող կուսակցութիւն: Այս նկարագրին կը շաղկապուի նաեւ այն համոզումը, որ Հայաստանի ենթակառոյցը հիմնական եւ առաջնահերթ քաղաքական հաստատութիւնն է պետականութիւն կերտելու Դաշնակցական գործին մէջ:
Հետեւաբար, եթէ Հայաստանի մէջ եղած ապստամբութիւնը պիտի շարունակուի ու զարգանայ իբրեւ յեղափոխութիւն, այդ պարագային անհրաժեշտ է հետապնդել արմատական փոփոխութիւններ ժողովուրդի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին կապուած: Այլ խօսքով, համակարգային փոփոխութիւններ, որոնք իմաստ կու տան յեղափոխութեան եւ իրենց հետ կը բերեն ժողովուրդի կենցաղային ու քաղաքական մտածելակերպի հիմնական զարգացումները: Դաշնակցութեան համար յետ-իշխանափոխութիւն այս յեղափոխութիւնն է անհրաժեշտ զարգացումը, ուր պետական կառոյցները, ըլլան անոնք տնտեսական թէ քաղաքական, ուղղակի կը շաղկապուին ու կը գործեն ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ: Յեղափոխական այս ընթացքին մէջ չկայ ժողովուրդին հանդէպ հաւատքի որեւէ տատանում, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ուժեղ է իր ժողովուրդով, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, որ ժողովուրդը ինք կը կերտէ իր կեանքը, իր նկարագիրը ու իր պատմութիւնը:
Դաշնակցութեան կը մնայ արթուն պահել ժողովուրդին պայքարի կամքը, որպէսզի շարունակուի յեղափոխութիւնը: Անիկա քաջ կը գիտակցի, որ այսօր հայրենի հողին վրայ ապրող երեք միլիոնի հասնող հայ ժողովուրդը համակերպած չէ կեղեքումի, շահագործումի եւ բռնատիրութեան, համակերպած չէ Արցախէն թիզ մը հող զիջելու հաշիւներուն, համակերպած չէ գլուխը կախ ու վախկոտ կեանք մը ապրելուն: Ասիկա Դաշնակցութեան դաւանած ազատութիւնն է արդէն, որ կարելի չէ զրկել սովորական հայ անհատի ամէնօրեայ քաղաքական կեանքէն:
Հայրենի ժողովուրդը մայիսեան իր ցոյցերով պոռթկաց՝ իր վրայէն թօթափելու համար վախի ու իշխանութեան կեղեքումի արատը, արտայայտեց ազատ ու արժանապատիւ քաղաքացիի կեանք ապրելու իր ծարաւը: Երբ այս է իրողութիւնը Դաշնակցութիւնը այլեւս ոչ մէկ պատճառ ունի վարանելու, տատանելու, այլ կը հարկադրուի իր յեղափոխական նկարագիրով առաջնորդելու ժողովուրդը դէպի ամբողջական յեղափոխական իրագործումներ: Մանաւանդ՝ արթուն պահելու ժողովուրդին կամքը, անոր մարտունակութիւնը եւ տէր կանգնելու յեղափոխական պայքարին:
Դաշնակցութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն է հայրենի ժողովուդին քաղաքական կամքը եւ պահանջատիրութիւնը կենսունակ պահելը: Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ է իր ժողովուրդին, չի կրնար այլ կերպ ըլլալ, չի կրնար այպանել ու անտեսել հայրենի պաշտելի ժողովուրդին ստեղծած յեղափոխական մթնոլորտը, չի կրնար կիսաւարտ ձգել յեղափոխական ընթացքը:
Անշուշտ, անսխալական չէ Դաշնակցութիւնը, սակայն անսակարկ նուիրում ունի հայ ժողովուրդի քաղաքական իրաւունքներու եւ ազգային գիտակցութիւնը պահպանելու գործին մէջ: Մեղադրանքներ չունի նետելիք ժողովուրդին, այլ յարատեւ նուիրաբերում ունի, որպէսզի հայ ժողովուրդի քաղաքական առօրեային մէջ խա-րսխուի ազգային իր դաւանած գիտակցութիւնը:
Դաշնակցութիւնը միայն ժողովուրդին հետ շաղկապուած կրնայ իր ներկան անցեալին հետ կապակցել ու ճշդել ապագայի քաղաքական իր ուղղութիւնը: Այդ ուղղութեան մէջ, Դաշնակցութեան կը մնայ իր շուրջ հաւաքել ժողովուրդը եւ Դաշնակցական գոյն եւ դիմագիծ տալ յեղափոխութեան, որպէսզի անիկա ըլլայ արդար եւ ամբողջական: