ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Անհրաժեշտ է որ ՀՅԴն կարենայ իր շուրջը հաւաքել անկախութիւնէն ետք հասակ նետած նոր սերունդին այն մասը, որ կը հաւատայ ժողովրդային մակարդակով ժողովրդավարութեան, այսինքն փողոցի վրայ աշխատելուն եւ պայքարելուն: Նոր սերունդին այս մասը, վերջին տասը տարիներուն իրագործեց յաջողութիւններ, ինչպէս՝ Թռչկան ջրվէժի եւ Մաշտոց պուրակի պահպանումը, փոխադրամիջոցի սակագինը 100 դրամէն 150 դրամի բարձրացման կանխարգիլումը, կենսաթոշակի պետական համակարգը ֆինանսական շուկաներով փոխարինելու ընթացքի դանդաղեցումը, ելեկտրականութեան գինի ուղղակիօրէն բարձրանալուն առաջքը առնելը, եւ վերջապէս, Ապրիլի յեղափոխութիւնը, որուն շնորհիւ երկար տարիներ երկիրը կողոպտող հանրապետականներու իշխանութիւնը տապալեցաւ: Այս բոլոր յաջողութիւնները ցոյց տուին, թէ կարելի է ժողովրդական կամ հասարակական շարժումներով լուրջ ազդեցութիւն ունենալ կառավարութեան, երկրի ղեկավարութեան ու երկրի ապագային վրայ:
Ժողովրդավարութեան ու արդարութեան հաւատացող այս մաքուր եւ հայրենասէր երիտասարդութեան եւ անձերու բնական տեղը ՀՅԴն պէտք է ըլլայ: Սակայն փոխանակ ՀՅԴին միանալու, անոնց մէկ կարեւոր հատուածը մաս կազմեց կամ ստեղծեց նոր կուսակցութիւններ, ինչպէս՝ «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական Պայմանագիր», «Քաղաքացու Որոշում Սոցեալ Դեմոկրատ» եւ «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութիւնները, որոնք դարձան կամ կրնան դառնալ ՀՅԴի մրցակիցները: Ժողովրդավարութեամբ մտահոգ անձին համար բացի ՀՅԴէն կան «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կամ «Քաղաքացու Որոշում Սոցեալ Դեմոկրատ» կուսակցութիւնները: Յառաջդիմական, ձախ ուղղութիւն ունեցող կամ արդարութեան հաւատացող երիտասարդին համար, բացի ՀՅԴէն կայ «Քաղաքացու Որոշում Սոցեալ Դեմոկրատ» կուսակցութիւնը: Իսկ շեշտուած կերպով ազգային ուղղուածութիւն ունեցող երիտասարդին համար, բացի ՀՅԴէն կայ «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը:
Որպէսզի ՀՅԴի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները գործադրուին, անհրաժեշտ է որ ժողովրդավարութեան ու արդարութեան հաւատացող երիտասարդներուն եւ անձերուն մէկ կարեւոր մասը հաւաքուի ՀՅԴի շուրջ: Հետեւաբար, իմ կարծիքով, ներկայիս Դաշնակցութեան գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկը, ժողովուրդին եւ յատկապէս ժողովրդավարութեամբ ու արդարութեամբ հետաքրքրուող տարրին կողմէ ընդունելի դառնալն է եւ անոնց վստահութիւնը շահիլը: Առանց անոնց ստուար ներկայութեան ՀՅԴի շուրջ, ինչպէ՞ս ՀՅԴն պիտի կարենայ պայքարիլ իր ընկերային-տնտեսական առաջադրանքները գործադրելու համար:
Այս կէտերը իրագործելու համար, պէտք է անկեղծօրէն հաւատանք ժողովուրդին եւ անոր հետ ուղղակիօրէն աշխատելու կարեւորութեան: Պէտք չէ արհամարհենք ժողովուրդը կամ նսեմացնենք զայն՝ ըսելով, թէ այս ժողովուրդ չէ այլ ամբոխ է: Ինչպէս կրնանք ակնկալել, որ ապագային ժողովուրդը մեզի հետ աշխատի կամ մեզի աւելի քուէներ տայ, եթէ պախարակենք ու նեղացնենք ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, որ մեզի քուէ չտուաւ: Նաեւ պէտք չէ ըսենք, թէ ժողովուրդը մեզի չի հասկնար ու անցնինք, այլ պէտք է աշխատինք ժողովուրդին հետ եւ ուղղակիօրէն անոր բացատրենք մեր մօտեցումները: Եթէ 1880ական եւ 1890ական թուականներուն հայ մտաւորականները եւ յեղափոխականները կրցան փոխել դարերու ընթացքին ստրկացած հայ գիւղացիներուն կեցուածքները, այսօրուան պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին պէտք է ըլլայ ՀՅԴի գաղափարները բացատրել ժողովուրդին:
ՀՅԴն պէտք է կարենայ իր գործելաոճին մէջ մտցնել պէտք եղած փոփոխութիւնները ու յաջորդ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն բազմապատկել իր ստացած քուէները:
Nice ideas and suggestions. However to achieve this change, the ARF needs a new leadership that understands and accepts the new Armenian political reality, is ready to adapt to change and is truly committed and dedicated to the welfare of the Armenian people. The experience of the past 20 years shows that the ARF leadership in Armenia enjoyed the perks of political power through its unholy alliance with the HHK and seemed to forget the basic tenets of the party to be a credible advocate and defender of the rights and welfare of the Armenian citizen. Yes, the ARF is still an important player in Armenian reality but it needs major reform and an honest assessment of today’s challenges it is facing. It is high time that as a pan-Armenian party with a glorious past, it refocuses on its main role of being the fearless defender of Armenia and the Armenian citizens’ individual, social and political rights wherever Armenians live.
Ընկեր Արա, հեշտ է ասել ինչ “պիտի” անել բայց դժվար է այդ ինչ անելը գործադրել։ Հայաստանում ՀՅԴ դեմ կա մեծ կազմակերպված ու լավ ֆինանսավորված հակադարսություն։ Նախ կուզեմ նշել որ Հայաստանում բացի ՀՅԴ-ը՝ չկան այլ կուսակցություններ, կան անձերի խմբավորումներ մեկ անձի շուրջ երկու պատճառով, կամ այդ անձերի շահերը իրարու են համընկնում և նրանք համախմբվել են որ պաշտպանեն իրենց շահերը, կամ այդ անձիք ունեն որոշակի սպասելիքներ։ Իհարկե կան փոքրաթիվ մարդիկ որ միանում են այդ խմբավորումներին նպատակ ունենալու ծառայելու հայրենիքին։ Վերջին 30 տարիների փորձը ցուց տվեց որ այս խմբավորումները սունկի պես ծլում են և մի քանի տարի հետո այլևս չկա նրանց հետքը։
Այն ինչ որ ՀՅԴ-ը հսկայական կազմակեպչական անելիք ունի իր դեմը գալիք մի քանի տարիների ընթացքում, անվիճելի է։ Բայց հարցը նրանում է թե ինչպիսի անել այդ հսկայական աշխատանքը։ Նման աշխատանքի համար անհրաժեշտ են մարդ ուժ և ֆինանսական միջոցներ։ Այս գործի մեջ էական դեր պիտի ունենա ՀՅԴ սփյուռքի կարողությունները։ Ահավասիկ այս է այսօրվա հիմնական մարտահրավերը՝ արդյո՞ք սփյուռքը պատրաստ է ընդառաջել այս մարտահրավերին, թե գոհանալու է միայն հեռվից “լավ” խորհուրդներ տալով։
Ընկեր Արէգ, բացարձակ սխալ է եւ վիրաւորական ըսել թէ «Ահավասիկ այս է այսօրվա հիմնական մարտահրավերը՝ արդյո՞ք սփյուռքը պատրաստ է ընդառաջել այս մարտահրավերին, թե գոհանալու է միայն հեռվից “լավ” խորհուրդներ տալով։» Այսինքն ի՞նչ, ըստ քեզի Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի դժուարութիւններուն պատճառը «ՀՅԴ սփիւրքն> է՞։ «ՀՅԴ Հայաստանը» միշտ ալ ունեցած է «ՀՅԴ սփիւռքի կարողութիւնները» իր տրամադրութեան տակ։ ՀՅԴ սփիւրքը բնաւ չէ գոհացած «միայն հեռվից “լավ” խորհուրդներ տալով։» Օր մը Երեւանի մէջ ժողովուրդին ուղղուած յստակ աշխատանքի մը համար ՀՅԴ-ն ծրագիր մը մշակած է՞ եւ սփիւրքը թիկունք չէ կեցա՞ծ։ Անձնապէս միշտ սպասած եմ որպէսզի քաղաքի մը մէջ, գիւղի մը մէջ, թաղի մը մէջ ՀՅԴ-ն ժողովուրդին ուղղուած ծրագիր մը որդեգրէ որուն կարենանք, սփիւրքէն, թիկունք կանգնիլ։ Սակայն այդ տեսակ յստակ ծրագրի մը մասին տեղեակ չեմ։ Հետեւաբար այպանել սփիւրքին, Հայաստանի ՀՅԴ-ի ծանր վիճակին համար, նուազագոյնը ճիշտ ու արդար չէ։
Իսկ որպէսզի «ՀՅԴ սփիւռքի կարողութիւնները» աւելի արդիւնաւոր կերպով գործածուին Հայաստանի ՀՅԴ-ի աշխատանքներուն համար, պէտք ունինք ղեկավարութեան մը որ կը ներշնչէ իր շարքերը եւ կը գործածէ բոլորին կարողութիւնները լաւապէս։