
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը կը հաղորդէ, թէ 3 Դեկտեմբերին իր մահկանացուն կնքեց յայտնի հայագէտ փրոֆ. Ռապըրթ Հիւսըն, որ 84 տարեկան էր։
Նիւ Եորք ծնած եւ ամերիկահայ ընտանիքի (Հիւսընեան) զաւակ փրոֆ. Հիւսըն դոկտորի վկայականը ստացած է 1967ին, «Ճորճթաուն» համալսարանէն, եւ «Ռօուըն» համալսարանին մէջ առաւել քան 30 տարիներ դասաւանդած է բիւզանդական եւ ռուսական պատմութիւն: Ան նաեւ Հարաւային Կովկասի պատմութեան մասնագէտ է եւ հեղինակը՝ շարք մը հատորներու, ներառեալ՝ «Հայաստան. Պատմական Աթլաս Մը» (2001) կոթողային աշխատասիրութիւնը եւ անգլերէնի թարգմանած է Շիրակացիի «Աշխարհացոյց»ը:

1988-89ին ան եղած է նաեւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահը եւ համահիմնադիրն էր Կովկասի ուսմանց ընկերակցութեան։
Նշենք, որ հայագիտութիւնը վերջերս այլ կորուստ մը կրեց մահովը փրոֆ. Ռապըրթ Թամսընի, որ «Օքսֆըրտ» համալսարանին մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»ի անուան ամպիոնի պատուոյ դասախօս էր եւ ամպիոնի վարիչը եղած էր 1992էն 2001ի միջեւ: Ան նախապէս «Մաշտոց» հայագիտական ամպիոնի դասախօս եղած է «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ (1969էն 1992): Հրատարակած է հայագիտական շարք մը ուսուիմնասիրութիւններ եւ խմբագրած ու թարգմանած է յունական, ասորական եւ վրացական պատմական գործեր: