ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 2018ի ընթացքին ձերբակալուած են 29 օտարականներ, որոնք փորձած են ապօրէն կերպով անցնիլ Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Իրանի կողմը գտնուող սահմաններէն։ Այս թիւը բաւական բարձր կը նկատուի, որովհետեւ կը գերազանցէ նախորդ տարիներուն ընթացքին արձանագրուած թիւերը։