Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ, քաղաքի նախկին էմիր եւ Էմիրութիւններու նախկին նախագահ շէյխ Զայտ իպն Սուլթանին ի պատիւ իրականացած պատմամշակութային ժառանգութեան նուիրուած ամէնամեայ փառատօնին, Ատրպէյճանը իր տաղաւարը ներկայացուցած էր արցախեան հանրայայտ «Մենք ենք, մեր սարերը», կամ ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ՝ «Պապիկ-տատիկ»ը՝ յուշարձանի տեսքով:
Սուրիահայ ձեւաւորող Վարդան Մուրատեան, որ այժմ կը բնակի Լիբանան, «Եռագոյն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախքան փառատօնի բացումը, բողոքելով՝ դիմած է նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն, նշելով, որ տուեալ յուշարձանը հայկական է եւ Ատրպէյճանի հետ կապ չունի: Սակայն, կազմակերպիչները, յուշարձանը տեղադրած են Ատրպէյճանի տաղաւարին մէջ:
Փառատօնի բացումէն ետք, ատրպէյճանական եւ այլ լրատուամիջոցներ անդրադարձան նոյն հարցին: Վարդանը այդ հրապարակումները ուղարկած է կազմակերպիչներուն եւ դարձեալ յայտնած իր բողոքը, որուն հիման վրայ Չորեքշաբթի երեկոյեան, յուշարձանը հանուած է Ատրպէյճանի տաղաւարէն: