ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը 21 Դեկտեմբեր 2018ի իր թիւով բացայայտեց նիւթական վերջին գայթակղութիւնը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն վերաբերեալ:
Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները Լոնտոնի մէջ ձգտած են ձեռք բերել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ երկու շքեղ բնակարաններ՝ օգտագործելով գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը: Նշեալ գումարը կը ներառէր յաւելեալ 4 միլիոն տոլար՝ երկու տուները մէկ բնակարանի վերածելու համար: Բնակարանները կը գտնուին Պեքինկհեմ պալատի այգիին մօտակայքը, կը յայտնէ «Կարտիըն»ի թղթակից Լիւք Հարտինկ:
2016ին ստորագրած իր նախկին յօդուածին մէջ «Կարտիըն»ը հաղորդած էր, որ Ալիեւի դուստրերը ստեղծած էին գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը բրիտանական Վիրճինիըն կղզիներուն վրայ՝ բազմամիլիոն արժէք ունեցող իրենց կալուածներուն կառավարման համար:
Երկու դուստրերը Exaltation Limited-ի բաժնետէրերն են. ընկերութիւնը արձանագրուած է 2015ին՝ «Մեծն Բրիտանիոյ սեփականութիւնը պահպանելու» նպատակով: Ստուերային ընկերութիւնը հիմնադրուած է Լոնտոնի Child & Child իրաւաբանական ընկերութեան կողմէ, որ խաբեբայութեամբ պնդած է, թէ ալիեւեան կիները «քաղաքական կապեր չունին»: Այս տեղեկութիւնը քողազերծուած է այն ատեն, երբ Փանամայի փաստաթուղթերը՝ ստուերային Mossack Fonseca-ի իրաւաբանական ընկերութեան գաղտնի տուեալները տարածուած են միջազգային լրատուական միջոցներով:
Ըստ «Կարտիըն»ի տուեալներուն՝ Ալիեւի դուստրերը «դիզած են սեփական գործարարութեան հսկայական կայսրութիւններ: Անոնք շքեղ բնակարաններ ունին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ շահաբաժիններ՝ հեռահաղորդակցութեան բնագաւառի մէջ եւ ոսկիի հանքերէ: Արդէն յայտնի էր, որ հիւսիսային Լոնտոնի մէջ Լէյլա Ալիեւա ձեռք բերած է 22 միլիոն տոլարնոց սեփական տուն Hampstead Lane-ի մէջ»: Բացի այս, Ալիեւներու ընտանիքը 140 միլիոն տոլար արժող շքեղ բնակարաններ ունի ամբողջ աշխարհի մէջ եւ տուները միայն յայտնի սեփականութիւններն են՝ ըստ Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան հետաքննութեան ծրագիրին: Ալիեւները ունին նաեւ 8 միլիոն տոլար արժող բնակարան, որ բացուած է Լոնտոնի «Հայտ Փարք»ի հռետորներու անկիւնին վրայ, 44 միլիոն տոլար արժողութեամբ ինն ծովեզերեայ բնակարաններ Տուպայի մէջ, ամառանոց՝ Մոսկուայի մօտերը, նուազագոյնը 37 միլիոն տոլար արժողութեամբ, եւ 1.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ վիլլա՝ Չեխիոյ Քարլովի Վարի առողջարանային քաղաքի իւրայատուկ շրջանին մէջ:
Բրիտանական կանոններուն համաձայն՝ Ալիեւի դուստրերը կը դասակարգուին իբրեւ «քաղաքականապէս հանրաճանաչ անձեր» (PEP)՝ դրամատուներու կողմէ զանոնք ենթարկելով առաւել մեծ ուշադրութեան եւ արժանահաւատութեան ստուգումներու: «Կարտիըն»ը կը հաղորդէ, որ Child & Child ընկերութիւնը Բրիտանիոյ կառավարութեան չէ յայտնած այս երկու կիներուն բարձր կարգավիճակին մասին: Պաշտօնական թերթիկին վրայ, որուն մէջ կը հարցնեն, թէ արդեօք իրենք PEP-ներ են, իրաւաբանական ընկերութիւնը գրած է «ոչ»՝ «այո»ի փոխարէն:
Բրիտանացի այլ փաստաբան մը՝ Տերիք Ֆրենչ, «հիմնած է երկրորդ գաղտնի փանամական հիմնադրամը՝ UF Universe Foundation անունով, «որ կը վերահսկէր Ատրպէյճանի ամէնէն մեծ ընկերութիւններէն մէկուն՝ Ata Holding-ի բաժնետոմսերուն մեծ մասը, կը հաղորդէ «Կարտիըն»ը: 2003ին հիմնադրուած Ata Holding-ը կը պատկանի Ատրպէյճանի հարկային նախարար Ֆազիլ Մամետովի՝ 600 միլիոն տոլար արժողութեամբ ընկերութեան գաղտնի վերահսկիչ փաթեթով: Ata Holding-ի, Ալիեւի երեք զաւակներուն հետ միասին, կը պատկանին «երկու խոշոր դրամատուներ, շինարարական ընկերութիւններ եւ Պաքուի հինգ աստղանի Excelsior պանդոկը»:
2005ին UF Universe Foundation-ի կառավարումը անցաւ ուրիշի մը ձեռքը: Նախագահ Ալիեւի երեք զաւակները՝ Լէյլա, Արզու եւ անոնց եղբայրը՝ Հէյտար, որ այն ատեն եօթը տարեկան էր, հիմնադրամին մէջ ունէին 50 տոկոս շահաբաժին: Անոնց մայրը՝ Մեհրիպան, «հովանաւոր»ի անանուն դերով կը վերահսկէր հիմնադրամը: Միւս «հովանաւորը» Մամետովն էր՝ իր 30 տոկոս բաժնեմասով: Ata-ի նախագահ Ահմետ Էրենթոք կը ստանար 15 տոկոս: 2007ին, UF Universe Foundation-ը փակուեցաւ, սակայն Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները նշուած էին իբրեւ Ata-ի հիմնական սեփականատէրեր՝ փանամական մէկ այլ՝ Hughson Management ընկերութեան մը միջոցով: Նախագահ Ալիեւի մտերիմ Ճաւատ Մարանտի Ալիեւա քոյրերը ներկայացուցած էր Child & Child իրաւաբանական ընկերութեան, կը հաստատէ բրիտանական դատարանը: Child & Child-ի աւագ գործընկեր փաստաբան Խալիտ Շարիֆ այնուհետեւ երկու քոյրերուն անունով ստեղծած էր Exaltation Limited-ը՝ Բրիտանական Վիրճինիըն կղզիներու ընկերութիւնը:
Նախագահ Ալիեւի դուստրերուն՝ Լոնտոնի մէջ 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ բնակարանի ձեռքբերման գործով բրիտանական կարգապահական դատարանը Շարիֆը ենթարկած է 57 հազար տոլար տուգանքի եւ արձանագրած 51 հազար տոլար՝ իբրեւ ծախս՝ դրամի լուացման ստուգումներ չիրականացնելուն եւ իր մասնագիտական չափանիշները չպահելուն համար:
Պայմանագիրը կնքելէ ետք, Ալիեւա քոյրերը սկսած են կատարելու լոնտոնեան երկու բնակարաններու գնման վճարումները՝ փոխանցելով 13 միլիոն տոլար: Սակայն, «2016ին գործարքը ձախողեցաւ, երբ յայտնի դարձաւ անոնց սեփականութիւնը»:
Զարմանալի չէ, որ «Կարտիըն» թերթը բացայայտած է, որ «Միացեալ Նահանգներու գաղտնազերծուած դիւանագիտական հեռագիրներուն մէջ կ՛ենթադրուի, որ Ատրպէյճանի ամէնէն հարուստ մարդը նախագահ Ալիեւն է…»։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ