ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 4 Յունուարին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը հանդէս եկաւ Մոնոյի Սեն Ժոզէֆ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան համերգով՝ ձօնուած իր հիմնադրութեան 45ամեակին:
Զաւէն աբղ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ շուրջ 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եկեղեցւոյ մէջ առաջին հերթին հնչեցուց «Տէրունական Աղօթք»ը՝ Մակար Եկմալեանի մշակումով, որմէ ետք երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը Ծննդեան շարականներ: Առ այդ, երգչախումբին դաշնահակար Մարիա Փալազեան-Բարսեղեանին միացաւ ջութակահարներու եւ թաւջութակահարներու կազմ մը, որ առաւել եւս հրապուրեց եկեղեցւոյ պատերուն մէջ արձագանգող սքանչելի կատարողութիւնը «Շնորհալի»ի:
Երգչախումբը Ս. Ծնունդի պատգամը հրամցուց՝ հոն հաւաքուած հոծ բազմութեան հոգիները պարուրելով հայ եւ միջազգային երգերով: Սեն Ժոզէֆ եկեղեցին կարծես վերածուեցաւ մեր հայկական պատմական եկեղեցիներէն մէկուն, ուր «Խորհուրդ Մեծ», «Սուրբ, Սուրբ», «Քրիստոս Պատարագեալ» եւ այլ շարականներ հնչեցին եւ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը փոխանցեցին համայն աշխարհին:
Աւարտին, բեմ բարձրացաւ կաթողիկոսը, որ բարձր գնահատեց հայր սուրբին եւ երգչախումբի անդամներուն տարած հետեւողական աշխատանքը: Ան դիտել տուաւ, որ առաւելաբար սիրողական կերպով ընթացող երգչախումբը փաստեց իր արհեստավարժ եւ բարձրորակ կարողութիւնը՝ շնորհիւ լուրջ եւ յարատեւ աշխատանքի:
Համերգը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» երգը միաբերան երգելով:
(Թղթակցութիւնը՝
Կաթողիկոսարանէն)