Սիմոն եւ Սիլվա Գաֆալեանները Հայաստան փոխադրուած են 1997ին: Արմատներով Կիլիկիայէն են: Երեւան կը բնակին իրենց զաւակներուն հետ: Սիլվան փոխադրուելէն ետք ուրիշ անձ դարձաւ՝ աւելի լաւատես, այստեղ՝ հայրենիքի մէջ իր սիրտը լի է երջանկութեամբ եւ խաղաղութեամբ:
Սիմոնի մայրական մեծ հայրը յարգուած զինուորական էր թրքական բանակին մէջ, այնուամենայնիւ Ցեղասպանութեան ժամանակ անոր ընտանիքն ալ ամբողջութեամբ ոչնչացուեցաւ՝ եւ միայն մեծ հայրը ազատեցաւ զինուոր ըլլալուն պատճառով: Իր հօր կողմը նոյնպէս Ցեղասպանութեան ականատես եղած է եւ կրցած է Պէյրութ հասնիլ:
Սիլվային արմատները հօր կողմէն Մարաշէն են (Կիլիկիա): Իրենք ալ նոյնպէս փախած են դէպի Լիբանան: Սիլվան կ՛ըսէ, որ ուրախ մանկութիւն ունեցեր է իր չորս քոյրերուն հետ: Իր հայրը մեծ ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ՝ ինքնութեան կերպարի զարգացման մէջ, որպէս հայ: Բաւական կարդացած մարդ էր, իրենց տունը լեցուն էր հայկական պատմական գրականութեամբ, զոր կը կարդար իր զաւակներուն:
Սիլվան կ՛ըսէ. «Մեծ մայրիկս դաջուածքներ ունէր իր ճակատին եւ բերանին շուրջ. մենք փոքր էինք եւ միտքերնէս չէր անցած, որ հարցնենք՝ ի՞նչ է: (Սիլվային քոյրը՝ Սիւզան Խարտալեան վաւերագրական ժապաւէն պատրասեց «Մեծ Մօրս Դաջուածքները» անունով): Ես շատ ուրախ եմ, որ քոյրս այս պատմութիւնը ժապաւէնի վերածեց, եւ ժողովուրդը տեղեակ եղաւ հայ կիներու ճակատագիրին եւ տառապանքին մասին՝ Ցեղասպանութեան տարիներուն: Երբ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ, շատ հեռաձայններ եւ նամակներ ստացանք, եւ մարդիկ ըսին ու խոստովանեցան, որ իրենց հարազատներն ալ այդպիսի դաջուածքներ ունէին: Այսպիսով, շատ մը պատմութիւններ լուսաբանուեցան»:
Ան կը շարունակէ. «Երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը օտարի հետ պիտի ամուսնանամ կամ ուրիշ մշակոյթի հետ պիտի համակերպիմ: Անկարելի բան էր ինծի համար: Ամուսինս եւ ես զգացինք, որ մեր հայապահպանման համար պէտք է վերջապէս մեր տունը գտնել Հայաստանի մէջ: Ես երբեք ուրիշ բան չէի երազած»:
Սիմոնը կը նշէ, որ հայկական դպրոցներն ու կուսակցութիւնները մեծ դեր կը խաղան Սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ: Նոր սերունդի ուսուցումը ամենակարեւոր աշխատանքն է: Բայց զգացի, որ Սփիւռքի մէջ կատարած աշխատանքս միայն այդ գաղութին համար է: Շատ մեկուսացուած է: Ինչո՞ւ մեր ուժն ու ջանքը չենք ուղղեր մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին օգնութեան, որպէսզի հզօր ազգ եւ ուժեղ հայրենիք ունենանք»:
Սիլվան կ՛աւելցնէ. «Մենք 17 տարի է Հայաստան կ՛ապրինք: Սկիզբը, երբ տեղափոխուեցանք, ես լացի, որովհետեւ ծնողներս կը կարօտնայի, բայց այդ շատ երկար չտեւեց: Ամենալաւ բանը Հայաստան ապրելուն մէջ այն է, որ զաւակներս իրենք զիրենք շատ ուրախ կը զգան, ազատ, անկախ եւ անվախ»:
«Նոյն դժուարութիւններուն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ կը հանդիպիս: Օրինակ՝ ամբողջ Եւրոպայի մէջ մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց ազգային ինքնութիւնը: Նոյն խնդիրը կայ նաեւ Ամերիկայի մէջ», կ՛աւելցնէ Սիմոնը:
Այսօր «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ Սիմոնը եւ Սիլվան կը շարունակեն իրենց գործը՝ յառաջադէմ երիտասարդներ պատրաստելու, զանոնք ոգեշնչելով եւ ներշնչելով ազգային ու մշակութային արժէքներով:
Սիմոնը կ՛ըսէ. «Իմ փափաքն է, որ յաջորդ սերունդի անդամները մնան Հայաստան, որ պայքարին իրենց հայրենիքին համար: Այո՛, ես լաւ գիտեմ, որ դժուար է, բայց իրենք պէտք է մնան: Ո՞վ պիտի բարելաւէ մեր երկիրը: Այսօր ընկերս եւ ես (ան ոսկերիչ է, իսկ ես՝ ադամանդաշար) արհեստ կը սորվեցնենք կեդրոնի պատանիներուն: Մենք կը հաւատանք, որ երեխաները, որ արհեստ գիտեն, աւելի քիչ հակուած են գաղթելու: Իրենք կը կարենան աշխատանք գտնել եւ ընտանիք կառուցել, ապա՝ ուժեղացնել մեր հայրենիքը»:
«Իմ քոյրերը տարածուած են աշխարհին մէջ: Աւագ քոյրս կը բնակի Շուէտ, միւս քոյրս՝ Պոսթըն, միւսները՝ Այնճար եւ Պէյրութ: Ես հոս եմ եւ շատ հպարտ եմ: Քոյրերս ինծի կ՛ըսեն, որ ես բախտաւոր եմ, որ Հայաստան կ՛ապրիմ: Ես իրենց միշտ կը պատասխանեմ, որ արդէն ժամանակն է վերադառնալու ազատ եւ անկախ հայրենիք: Դռները միշտ բաց են, եւ պէտք է վերադառնալ եւ օգնել հայրենիքի կառուցման աշխատանքներուն», կ՛աւելցնէ Սիլվան:
«Ես ամէնէն առաջ երջանկութիւն գտայ իմ տան մէջ: Երբ կը տեսնեմ կինս եւ զաւակներս կողքիս, մէկ տանիքի տակ, Հայաստանի՝ մեր հայրենիքին մէջ: Ես կ՛ապրիմ այն հողին վրայ, որուն համար տարիներ շարունակ պայքարած ենք Սփիւռքի մէջ», կը նշէ Սիմոնը:
Սիլվան կ՛եզրափակէ. «Ես միշտ զաւակներուս կ՛ըսեմ, որ սփիւռքահայ կամ հայաստանցի՝ պէտք է բոլորս համախմբուինք, միաւորուինք եւ գործի անցնինք՝ յանուն մեր հայրենիքի ու ազգի զարգացման» կ՛եզրափակէ Սիլվան:
Նիւթը՝ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ
www.repatarmenia.org