ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի 9 Փետրուար 2018ի դատավճիռով, 2 տարի բանտարկութեան դատապարտուած Էլնուր Էլման օղլի Հուսէյնզատէն Արցախի ոստիկանութեան բանտին մէջ իր պատիժը կրելէ ետք, 2 Փետրուար 2019ին ազատ արձակուեցաւ:
Ատրպէյճանի զինուած ուժերու 157րդ հրաձգային զօրաբաժինի հետախուզական վաշտի զինուոր Էլնուր Էլման օղլի Հուսէյնզատէ մեղադրուած էր 1 Փետրուար 2017ին, առանց պատշաճ թոյլտուութեան Մարտակերտի շրջանի Թալիշ համայնքի ուղղութեամբ ապօրէն կերպով սահմանը հատելու յանցանքով:
Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ Հուսէյնզատէ չէ ուզած Ատրպէյճան վերադառնալ:
«Այդ քաղաքացին ի սկզբանէ յայտարարել էր, որ չի ցանկանում վերադառնալ Ադրբեջան, հետեւաբար նա կը մեկնի երրորդ երկիր, սակայն թէ որ երկիր՝ չենք կարող ասել, քանի որ հնարաւոր է նրան յետագայում ադրբեջանական կողմը հետապնդի», ըսաւ Բաբայեան՝ նշելով, որ համապատասխան ծառայութիւնները ամէն կարելի միջոց պիտի գործադրեն, որպէսզի Հիւսէյնզատէ տեղափոխուի այլ երկիր:
«Տուեալ անձը պատիժ կրելուց յետոյ ազատ է արձակուել: Արցախում միայն ազգային պատկանելիութեան համար մարդկանց չեն պահում կամ տանջում, դա խորթ է մեր քաղաքակրթութեանը», ըսաւ Բաբայեան: