Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 1 Փետրուարին, հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ անոր շքախումբը Սիտնիի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան թեմակալ առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ թեմի եկեղեցականներուն, թեմական եւ ծխական,ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու շուրջ քսան ներկայացուցիչներու կողմէ:
2 Փետրուարին, Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն: Եկեղեցւոյ առջեւ Ամենայն Հայոց հայրապետը խաչվառներով, դրօշակներով եւ բարի գալուստի պաստառներով դիմաւորեցին հոգեւոր դասը եւ Թեմական եւ Ծխական խորհուրդներու, երգչախումբերու անդամներ, դպրոցական աշակերտներ եւ սկաուտներ:
Աղ ու հացի օրհնութեան արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը շարականներու երգեցողութեամբ հանդիսաւորապէս մուտք գործեց եկեղեցի, ուր հայոց հովուապետին այցելութեան կը սպասէին առաւել քան 400 հաւատացեալներ: Օրհնելէ ետք զանոնք, Գարեգին Բ. ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ խորան, ուր կատարուեցաւ եկեղեցւոյ երկրպագութեան կարգը:
Այնուհետեւ, յանուն եկեղեցական դասուն, Թեմական, Ծխական խորհուրդներու եւ համայն աւստրալահայութեան՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ողջունեց եւ անոր բարի գալուստ մաղթեց Հայկազուն եպսիսկոպոսը՝ հրաւիրելով նորին սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելու ներկայ ժողովուրդին:
Իր պատգամի բնաբան ընտրելով «Ինչպէս որ ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուսին՝ Տիրոջը, այնպէս էլ ընթացէ՛ք Նրանով՝ արմատաւորուած եւ կառուցուած Նրա վրայ, հաստատ մնալով հաւատի մէջ «առաքելական յորդորը՝ Ամենայն Հայոց հայրապետը ողջունեց Աւստրալիոյ մէջ բնակող եկեղեցասէր ու ազգասէր հայորդիները՝ գոհաբանութեամբ առ Աստուած նշելով, որ տարիներ ետք Տէրը վերստին շնորհ պարգեւեց այցելելու Աւստրալիա:
Վեհափառը ընդգծեց, որ թեմական ու ծխական կեանքի աշխուժութիւնը, հոգեւոր-եկեղեցական անդաստանի բարեզարդութիւնը Աստծոյ օրհնեալ պտուղներն են աւստրալիա բնակող հայորդիներուն աստուածասիրութեան, ազգասիրութեան ու հայրենանուիրումին: Ան գնահատանքով անդրադարձաւ հայրենիքի հանդէպ հայ համայնքի մշտապէս դրսեւորած սիրոյն եւ զօրակցութեան՝ հաստատելով, որ զօրեղ Սփիւռքը նաեւ ուժ եւ զօրութիւն է հայրենիքին, ինչպէս հայրենիքը ուժ եւ զօրութիւն է Սփիւռքի համար, երաշխաւորը՝ Սփիւռքի գոյատեւման եւ պայծառութեան:
Պատգամի աւարտին, Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութենէն ետք հաւատաւոր հայորդիները կարելիութիւնը ունեցած են մօտենալու նորին սրբութեան եւ համբուրելու անոր աջը եւ ստանալու նուէր խաչիկներ:
Այնուհետեւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովուրդին հետ հանդիպում:
3 Փետրուարին, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ.ի տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի հայոց թեմի նորակառոյց առաջնորդարանի բացման արարողութիւնը:
Ըստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին, կաթողիկոսը «Հրաշափառով» ուղղուեցաւ դէպի առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքը, ուր անոր կը սպասէին պետական այրեր, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եկեղեցւոյ բարերարներ եւ բազմաթիւ այլ հաւատաւոր հայորդիներ:
Վեհափառ հայրապետը Հայկազուն սրբազանի եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետին հետ կատարեց առաջնորդարանի յուշաքարին բացումը եւ հատեց մուտքի ժապաւէնը՝ ազդարարելով առաջնորդարանի պաշտօնական բացումը:
Տօնական այս առիթով Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ պարգեւած է շնորհը ուրախակից ըլլալու հայ համայնքին նորակառոյց առաջնորդարանի բացման հանդիսութեան, որ պիտի ծառայէ աւստրալիաբնակ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի պայծառութեան: