ՍՔՈՓԻԷ, «Սի.Էն.Էն.».- Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւնը 13 Փետրուարին պաշտօնապէս վերանուանուեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն, Յունաստանի եւ Մակեդոնիոյ միջեւ երկար բանակցութիւններէ ետք, որոնց ընդդիմացած էին Մակեդոնիոյ ազգայնական որոշ շրջանակներ։
Երկու երկիրները յայտարարեցին, թէ անուանափոխութիւնը երկու երկիրներուն համար պիտի դառնայ նոր դարաշրջանի սկիզբ:
Ըստ համաձայնութեան՝ երկրին պաշտօնական լեզուին եւ բնակիչներուն անունները՝ մակեդոներէն եւ մակեդոնացի, անփոփոխ պիտի մնան։
Յունաստան, որուն հիւսիսային նահանգը եւս Մակեդոնիա կը կոչուի, մինչեւ անուանափոխութիւնը կ՛ընդդիմանար իր հիւսիսային դրացիին ՆԱԹՕի եւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ջանքերուն։