– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ զգուշացուց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին աշխարհի տարածքին ժողովրդավարութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ, հակառակ անոր, որ զինք այդ պաշտօնին նշանակած նախագահ Թրամփը յաճախ դրուատիքով կ՛արտայայտուի Փութինի մասին:
– Ամերիկայի պետական պարտքը պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով գերազանցած է 22 եռիլիոն տոլարի սահմանը։ Գլխաւորաբար մեծահարուստներէն եւ հսկայ ընկերութիւններէն նուազ տուրքեր գանձելու Թրամփի որոշումին հետեւանքով, երկրի պետական պարտքը 1 եռիլիոնով աճած է միայն վերջին 11 ամիսներուն։
– Նորվեկիոյ գաղթականներու վարչութիւնը հրապարակեց իր տարեկան տեղեկագիրը, որմէ յայտնի կը դառնայ, որ Թուրքիայէն մրցանշային թիւով դիմում կատարուած է այդ երկիրը գաղթելու համար։ Յատկանշական է, որ մինչ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Սուրիայէն դիմողներու թիւը 465 եղած է, Թուրքիայէն այդ ցուցանիշը եղած է 765։ Նաեւ հետաքրքրական է, որ անցեալ տարի Նորվեկիա գաղթածներուն մօտաւորապէս 30 տոկոսը թուրք եղած է։