ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ գոհ չէ Քոնկրեսին մէջ սահմանային ապահովութեան հարցին շուրջ գոյացած սկզբունքային համաձայնութենէն, սակայն կը թուի, որ ան դժկամօրէն պիտի ստորագրէ զայն, որովհետեւ մտահոգ է յաւելեալ վարկաբեկումէ, եթէ իր ընդդիմութիւնը կառավարութիւնը դարձեալ անգործութեան մատնէ։
Համաձայնութեան մէջ ոչինչ կը յատկացուի Թրամփի պահանջած սահմանային պատին համար, այլ Թրամփի պահանջածին մօտաւորապէս քառորդը՝ 1.4 միլիառ տոլար կը խոստացուի սահամանային ապահովութիւնը երաշխաւորելու քայլերուն համար։
Եթէ Թրամփ չստորագրէ համաձայնութիւնը, 15 Փետրուարին դաշնակցային կառավարութեան աշխատանքը անգամ մը եւս մասնակիօրէն պիտի կասեցուի։
25 Յունուարին, Սպիտակ տունը եւ Քոնկրեսը կարճաժամկէտ համաձայնութեան մը եկած էին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան բնականոն գործունէութեան վերադարձին շուրջ, վերջ տալով կառավարութեան աշխատանքի դադրեցումին, որ տեւած էր 35 օր:
Յիշեցնենք, որ Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատ կառուցելը եւ անոր գումարը Մեքսիքայէն գանձելը Թրամփի ընտրական խոստումներէն էին: