ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, իրենց 95ամեայ երթին ընդառաջ, կը շարունակեն իրենց դերն ու գործունէութիւնը Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ: Այս առումով, պատանեկան միութիւնները, դաստիարակչական ձեռնարկներու կողքին, կը ծրագրեն նաեւ ընկերային ձեռնարկներ, որոնք հաճելի մթնոլորտի մը մէջ կը համախմբեն թէ՛ պատանեկան միութիւնները, թէ՛ ալ ընդհանրապէս անոնց շրջապատին մէջ գտնուող պատանի տարիքի անհատները:
Նախորդող ամիսներուն կազմակերպուած Բարեկենդանի, ինչպէս նաեւ զոյգ ձիւնագնացութիւններու նախաձեռնութիւններուն կողքին, ընկերային ձեռնարկներու շարքին էր ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային Յանձնախումբին կազմակերպած միջդպրոցական խրախճանքը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 30 Մարտ 2019ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան 95ամեակին նուիրուած սոյն խրախճանքը, միջդպրոցական զարգացման մրցումին կողքին, երկրորդ ձեռնարկն էր, որ նոյն յարկին տակ կը համախմբէր հայկական վարժարաններու աշակերտներն ու պատանեկան միութիւնները: Այս խրախճանքին մասնակցեցան 300 պատանիներ, որոնք կը ներկայացնէին 13 հայկական վարժարաններու 7րդ, 8րդ եւ 9րդ դասարաններու հայ աշակերտները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող տարբեր պատանեկան միութիւնները:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Կալի Տեքերմենճեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց պատանեկան միութիւններուն պատմութիւնն ու աշխատանքները: «Այսօր, տասնեակ վարիչներ ու վարիչուհիներ կը շարունակեն Պալեանի ու Տարտունիի առաքելութիւնը՝ միաժամանակ հայ պատանիներուն համար ստեղծելով ապահով, առողջ եւ հաճելի միջավայր մը մեր ակումբներուն մէջ», ըսաւ ան:
Խրախճանքը առիթը հանդիսացաւ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ դարձեալ համախմբուելու, ինչպէս նաեւ նոր ծանօթութիւններ մշակելու: Երեկոյի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, պատանիներուն պարերն ու երգերը ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ բոլորին համար: Ապա, ներկաներուն փունջ մը ազգային ու յեղափոխական երգեր հրամցուց երգիչ Սերոբ Յակոբեան՝ ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Այս ոգեւորութեամբ լեցուած, պատանիները բաժնուեցան իրարմէ՝ դարձեալ հանդիպելու խոստումով:
Նշենք նաեւ, որ սոյն ձեռնարկի աւարտին, մասնակիցներուն բաժնուեցան պատանեկան միութիւններուն մասին թռուցիկներ, ինչպէս նաեւ 95ամեակին առիթով պատրաստուած ապարանջայ մը՝ «Մեր ջահն է միշտ անմար» կարգախօսով: