
ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Արուեստագիտուհի Նենսի Թորոսեան ծնած է Արժանթին։ Ան յաճախած է Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը, ապա վկայուած է Թատերական համալսարանէն՝ իբրեւ դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու: 2003ին ան հաստատուած է Գանատա, Մոնթրէալ, ուր հայկական համայնքին մէջ ունեցած է իր իւրայատուկ ներդրումը՝ որպէս բեմադրիչ եւ դերասան: Արժանացած է զանազան գնահատագիրներու Արժանթինի եւ Գանատայի մէջ, որոնցմէ յիշարժան է սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանը: Ան բեմադրիչի հանգամանքով աշխատակցած է Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ Բեմ» թատերախումբերուն:
Թորոսեան ղեկավարած է համայնքին մէջ գործող ամառնային ճամբարներ, որոնց յայտագիրներուն մէջ զգալիօրէն ներմուծած է արուեստի դասընթացքներ: Վերջերս ան հիմնեց «Դէմքեր» արուեստի հիմնարկը ինչպէս նաեւ կ՛իրականացնէ թատերական դասընթացքներ:
«Հորիզոն»ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին արուեստագիտուհի Նենսի Թորոսեան, անդրադառնալով «Դէմքեր» արուեստի հիմնարկի հիմնադրութեան՝ յայտնեց, թէ զայն հիմնած է Յուլիս 2018ին, Մոնթրէալի մէջ, երբ փափաքած է արուեստի անկախ հարթակ մը ստեղծել: «Արուեստագէտի կեանքին մէջ կ՛ըլլայ հանգրուան մը, երբ կ՛ուզէ առանձին գործել, դուրս գալ միութիւններու նեղ շրջանակներէն, գործել ի՛ր անձնական համոզումներով, ի՛ր մտայնութեամբ, ի՛ր աշխատելաոճով, բացուիլ աւելի լայն շրջանակներու եւ ոչ մէկ սահմանափակում ճանչնալ», յայտնեց Նենսի Թորոսեան՝ աւելցնելով, որ ինք չի թերագնահատեր մշակութային միութիւններուն աշխատանքները, այլ կը շեշտէ, թէ անկախ գործելը արուեստագէտի կեանքին մէկ կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է: «Կ՛ուզեմ տարբեր միջավայր ստեղծել, փորձել բոլորովին նոր ծրագիրներ, փնտռել, որոնել, ստեղծել ու ստեղծագործել», ըսաւ Թորոսեան:
Նշելով «Դէմքեր»ու հիմնադրման նպատակներն ու առաքելութիւնը, արուեստագիտուհին յայտնեց, թէ «Դէմքեր» հիմնարկին նպատակն է՝ որոնել, գտնել ու յայտնաբերել նոր արուեստագէտներ, ապա յարմար միջավայր մը ստեղծել անոնց, որպէսզի կարենան ազատօրէն ստեղծագործել: «Դէմքեր» հիմնարկին առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ արուեստագէտը հանրութեան ծանօթացնելու առիթներ ստեղծելը։ «Դէմքեր»ը մեծ թի-ւով անդամներ ունի, բոլորն ալ հայ են, Մոնթրէալէն», ըսաւ արուեստագիտուհին:

Այս տարի կը նշուի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը. այս առթիւ 27 եւ 28 Ապրիլին ու 4 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ «Միւս Թումանեան»ը ներկայացումը, Նենսի Թորոսեանի բեմադրութեամբ: Հարցումին, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի սոյն անուանումը՝ բեմադրիչը ըսաւ. «Անցեալ տարի, Հոկտեմբերին, 2րդ անգամն ըլլալով գացի Հայաստան եւ այցելեցի Լոռիի Դսեղ գիւղը, ուր կայ Թումանեանի տուն-թանգարանը: Շատ յուզիչ պահեր ապրեցայ տուն-թանգարանին մէջ. ներշնչուեցայ: Մենք Թումանեանը կը ճանչնանք իբրեւ հեքիաթագիր կամ առաւելագոյնը որպէս բանաստեղծ: Բայց կայ նաեւ ուրիշ Թումանեան մը, մի՛ւս Թումանեանը, որ ե՛ւ հեքիաթ գրողն է, ե՛ւ բանաստեղծն է, ե՛ւ քաղաքական գործիչն է, որ հարկ եղած պարագային զինուեցաւ եւ զօրավար Անդրանիկին ըսաւ. «Ես քեզի կը նուիրեմ իմ 4 տղայ զաւակներս եւ երկու աղջիկներս եւ քանի որ աւելի թանկ բան չունիմ կեանքիս մէջ, ե՛ս ալ պատրաստ եմ գալու եւ կռուելու քու կողքիդ»: Այդ նոյն Թումանեանն էր, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ըսաւ. «Այս բոլոր գաղթականները իրաւունք ունին կաթողիկոսարան մտնելու», եւ երբ ան ըսաւ. «Ինչպէ՛ս կը համարձակիս հետս այդպէս խօսելու, ե՛ս եմ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը»՝ Թումանեան պատասխանեց. «Ե՛ս եմ Ամենայն Հայոց բանաստեղծը»: Զանազան անձնաւորութիւններու միաձոյլ մարմնաւորումն է Թումանեան»: Բեմադրիչ Թորոսեան կը յայտնէ նաեւ, թէ իր «Միւս Թումանեանը» ներկայացումը թատերական դասական բեմադրութիւն մը չէ. «Իր հեքիաթներուն կողքին պիտի ներկայացնեմ նաեւ բանաստեղծութիւնները, ուրիշներու յիշատակումները Թումանեանի մասին եւ այլն, այս բոլորին համադրումը պիտի ըլլայ ներկայացումը», ըսաւ Թորոսեան:
Որմազդէն կը տեղեկանանք, որ նոյն ժամանակ եւ նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ հաւաքական ցուցահանդէս մը, որուն մասին տեղեկութիւններ կու տայ Թորոսեան՝ ըսելով. «Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ լուսանկարներ, գեղանկարներ, քանդակներ ինչպէս նաեւ՝ զգեստներ: Արուեստագէտներն են՝ Սիլվա Խաչերեան, Սիլվա Մելքոնեան, Գէորգ Թորոսեան եւ Էլիզ Պօղոսեան»:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»