ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Արկադի Ղուկասեան Հինգշաբթի, 16 Մայիսին, Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան երթալով՝ վերահաստատեցին իրենց կողմէ ներկայացուած անձնական երաշխաւորութիւնը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ:
Ներկայացուած երաշխաւորութեան մէջ գրուած է հետեւեալը.
«Հաշուի առնելով Արցախի առաջին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի վաստակը հայկական երկու հանրապետութիւնների կայացման հարցում, նրա հսկայական աւանդը Արցախեան պատերազմում եւ հայոց բանակաշինութեան մէջ, երաշխաւորում ենք՝ Արցախի Հանրապետութեան առաջին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կալանաւորումը դադարեցուելու դէպքում վերջինս կը դրսեւորի պատշաճ վարքագիծ, չի խոչընդոտի գործի քննութեանը, չի խուսափի վարոյթ իրականացնող մարմին ներկայանալուց, չի կատարի Քրէական օրէնսգրքով չթոյլատրուած արարք: Երաշխաւորում ենք ազատութեան պայմաններում դատավարութեան ողջ ընթացքում նրա ներկայանալը դատարան եւ դատավարական պարտականութիւնների կատարումը, ուստի խնդրում ենք՝ կիրառուած կալանաւորումը փոխարինել ազատութիւնից զրկելու հետ չկապուած խափանման միջոցով»:
Դատարանը տեղեկացուց, որ երաշխաւորողները 500.000ական դրամ վճարած են Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի հաշիւին։
Դատարանը յայտարարեց, որ անձնական երաշխաւորութեան միջնորդութիւնը քննութեան առարկայ պիտի դարձնէ խորհրդակցական սենեակին մէջ՝ խափանման միջոցի վերաբերեալ դատական որոշում տալու ընթացքին:
Քոչարեանի եւ միւս նախկին պաշտօնեաներու գործով դատին չորրորդ օրը, դատական նիստը որոշուեցաւ դռնփակ կատարել, նկատի ունենալով, որ գաղտնի տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին:
Մեղադրեալին կողմէ էր նիստը դռնփակ կատարելու առաջարկը, որուն ընդառաջեց դատարանը:
Նիստին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան:
Պաշտպան փաստաբանները առաջարկեցին, որ նիստին մասնակցին նաեւ Արցախի գործող եւ նախկին նախագահները: Դատաւորը, սակայն, թոյլ չտուաւ, որ անոնք մասնակցին դռնփակ նիստին:
Սահակեան ու Ղուկասեան հեռացան դատարանէն:
Քոչարեանի խափանման միջոցին վերաբերեալ որոշումը դատարանը պիտի հրապարակէ 18 Մայիսին: