ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգերու դաշնակցային կառավարութեան արդարադատութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ քալիֆորնիացի հայեր՝ Անժելա Աւետիսեան եւ Աշոտ Մինասեան, որոնք առողջապահական տնային սպասարկութիւններ մատուցանող ընկերութեան մը համասեփականատէրեր են, մեղաւոր ճանչցուած են ապօրինի միջոցներով պետական համակարգէն գումարներ շահելու յանցանքով։
Այդ խարդախութեանց իբրեւ հետեւանք անոնք բժշկական ապահովագրութեան «Մետիքեր» ծրագիրէն միլիոնաւոր տոլարներ շահագործած են։
Դատարանը 43ամեայ Անժելա Աւետիսեանը (Կլենտէյլէն) դատապարտեց 120 ամսուան բանտարկութեան, իսկ 61ամեայ Աշոտ Մինասեանը (Նորթ Հոլիվուտէն)՝ 78 ամսուան բանտարկութեան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը նաեւ 4.28 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում պիտի վճարէ։ Նոյն հետապնդումով յանցաւոր նկատուեցան նաեւ Ռապըրթ Կլէյզըր եւ Մարինա Մերինօ։
Նշենք որ Անժելա Աւետիսեան, բժիշկ Կլէյզըր եւ անոնց մեղսակիցները մեղադրուած էին Յունուար 2006էն մինչեւ Մայիս 2014 շինծու ծառայութիւններու համար «Մետիքեր»ին հաշիւներ ներկայացնելու ամբաստանութեամբ։ Այդ հաշիւները կա՛մ անհրաժեշտ չեն եղած կամ երբեք չեն մատուցուած։
Ի՜նչ լաւ կ’ըլլար մէկը դատապարտուէր 120 տարուան բանտարկութեան, իսկ միւսը՝ 78 տարուան բանտարկութեան։ Թերեւս ա՛յն ատեն «դաս» ըլլար մնացեալ հարիւրաւոր նմաններուն որոնք կը վխտան մեր համայնքներուն մէջ: Բայց, ինչպէս կ’ըսեն, «ոչի՛նչ, նրա՛նց էլ հերթը կգա շուտով»…:
Հաւանաբար ոմանք «վատ զգացին» իմ 120 եւ 78 տարիներու բանտարկութեան առաջարկին համար: Եթէ լուրին մանրամասնութիւնները կարդանք, հետեւեալ տեղեկութիւնը կը ստանանք.- Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ Դատախազութեան Գրասենեակներէն հրատարակուած հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ այս զեղծարարները շինծու ծառայութիւններու դիմաց՝ 33 միլիոն 484 հազար 779 տոլարի կեղծ եւ խարդախ պահանջներ ներկայացուցած են «Մետիքեր»ին, որոնց դիմաց «Մետիքեր»ը անոնց վճարած է 22 միլիոն 56 հազար 332 տոլար: Բանտարկութեան հետ, այս զեղծարարներէն իւրաքանչիւրը պետութեան պիտի վերադարձնէ ԸՆԴԱՄԷՆԸ 4 միլիոն 283 հազար 674 տոլար…: Այսինքն՝ անձգլուխ՝ 8 տարուան մէջ գրպանած պիտի ըլլայ 6 միլիոն 744 հազար 492 տոլար «եկամուտ»: «Առիթներու երկիր է Ամերիկան»:
Հետաքրքրուողներ կրնան կարդալ՝
https://www.justice.gov/opa/pr/owners-los-angeles-home-health-agency-sentenced-prison-role-health-care-fraud-defrauded
եւ
https://www.fbi.gov/contact-us/field-offices/losangeles/news/press-releases/owner-of-los-angeles-home-health-agency-indicted-in-33-million-medicare-fraud-scheme մամլոյ հաղորդագրութիւնները: