ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանը 2019-2020ին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 45ամեակը։
1975էն ի վեր, վարժարանը երկրորդ տունը հանդիսացած է հազարաւոր հայ աշակերտներու, քայլ պահելով կրթական արդի ու յարափոփոխ նորութիւններու հետ եւ ջամբելով հայեցի դաստիրակութիւն՝ աշակերտներուն մօտ զօրացած է հայկական ինքնութիւնը եւ կերտած անոնց նկարագիրը։
45ամեակի տօնակատարութեան համար կը կազմակերպուին շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ մէկն է 22 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք պաշտօնական ճաշկերոյթի ձեռնարկը։ Կը ծրագրուի նաեւ ընտանքիներու ճամբար եւ Անկախութեան տօնին առիթով միօրեայ փառատօն։
Վերջին քանի մը տարիներուն, վարժարանին համալիրը կարելի եղած է ընդարձակել եւ արդիականացնել, նպաստելով որակեալ կրթութիւն մատուցելու առաքելութեան։
Ներկայիս վարժարանը ունի 670 աշակերտներ եւ իրեն արտօնեալ սահմաններուն մէջ, իր կարելին կ՛ընէ՝ չմերժելու իր ուսումը հոն շարունակելու որեւէ աշակերտի փափաքը։