ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ լուրջ սխալ մը գործելու եզրին է, վտանգի ենթարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի այլ անդամներու ապահովութիւնը, եթէ որոշէ պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ՝ ռուսական «Էս. 400» հրթիռները ձեռք բերելուն համար. հրթիռներ, որոնք անհամատեղելի են ՆԱԹՕի ռազմական համակարգին հետ եւ կը բացայայտեն ամերիկեան օդուժի նորագոյն «Էֆ. 35» կործանիչներու գործողութեան գաղտնիքները:
Ներկայացուցիչներու տունը երեք բանաձեւ ընդունած է, նախազգուշացնելով Թուրքիան՝ չգնել ռուսական հիթիռները, նաեւ սպառնացած է Թուրքիոյ՝ արգիլել «Էֆ. 35» կործանիչներու վաճառքը: Աւելին. արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգները խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ՝ ռուսական հրթիռներ ձեռք բերելուն համար: Թրամփ՝ ըլլալով վարանոտ մարդ եւ սէր տածելով բռնապետներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ բռնակալ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ, իր ամէնէն գլխաւոր խորհրդականները եւ Քոնկրեսի մեծամասնութիւնը անտեսելու եզրին է՝ թոյլ տալով Թուրքիոյ, որ խախտէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու մասին օրէնքը:
29 Յունիս 2019ին, երբ «Ճի.-20»ի երկիրներու ղեկավարները տեսակցեցան Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ, Էրտողան վերջին հնարաւորութիւն մը ունէր համոզելու Թրամփը, որ չպատժէ Թուրքիան հրթիռներու ձեռքբերման համար:
Ստորեւ՝ հատուածներ Թրամփի խիստ մտահոգիչ յայտարարութիւններէն, զորս ան կատարեց Էրտողանի հետ տեսակցութեան ընթացքին, լրագրողներու ներկայութեամբ.
Նախագահ Թրամփ. «…Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ընկերոջս հետ, մարդու մը, որուն հետ շատ մտերիմ եղած եմ բազմաթիւ առումներով. ան շատ լաւ աշխատանք կ՛ընէ, Թուրքիոյ նախագահն է: Եւ մեր հանդիպումը հիմնականին մէջ կապ ունի առեւտուրի հետ: Մենք հետզհետէ աւելի շատ գործարքներ կ՛ընենք եւ կ՛ակնկալենք, որ կարելի կ՛ըլլայ քառապատկել այս գործարքին ծաւալները Թուրքիոյ հետ: Մենք կը կարծենք, որ ասիկա հոյակապ կ՛ըլլայ: Անոնք (թուրքերը) հմուտ վարպետներ են եւ հոյակապ արտադրանք ունին. եւ մենք կը բացայայտենք այդ: Մենք նաեւ ռազմական արտադրանքի առեւտուր կ՛ընենք, անոնք բաւական շատ կը գնեն մեր ռազմական արտադրանքներէն: Եւ ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ձեզի հետ, պարոն նախագահ»:
Այնուհետեւ մատնացոյց ընելով սենեակին մէջ գտնուող Էրտողանի շքախումբը՝ Թրամփ ըսաւ. «Նայեցէ՛ք այս մարդոց, որքան լաւ են անոնք: Նայեցէ՛ք անոնց: Այնքան դիւրին է անոնց հետ բանակցիլը: Նայեցէ՛ք անոնց: Հիմնական դերասաններ: Հոլիվուտեան շրջանակներուն մէջ անոնց պէս մարդիկ չեն պատրաստուիր»:
Էրտողան պատասխանեց. «Պարոն նախագահ, նախ կ՛ուզեմ յայտնել, որ մեզի համար շատ կարեւոր է միասին ըլլալը Օսաքայի վեհաժողովին: Եւ մենք այժմ նպատակ ունինք հասնելու 75 միլիառ տոլարնոց առեւտուրի մակարդակին: Կան շատ քայլեր, զորս մենք պէտք է առնենք պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, բայց աւելի կարեւորը այն է, որ մենք ունինք ռազմավարական գործընկերութիւն: Իսկ ռազմավարական գործընկերութիւնը նաեւ մեզ կը խրախուսէ, որ համերաշխութիւն ստեղծենք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, եւ ես բոլորովին համոզուած եմ, որ մեր համերաշխութիւնը կը շարունակուի ռազմավարական գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ»:
Այս ներածական ելոյթներէն ետք, Թրամփ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն.
Լրագրող. «Պարոն նախագահ, ի՞նչ պիտի ընէք «Էս.400»ներու հետ: Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուի՞ պատժամիջոցներ կիրարկելու, եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ զանոնք»:
Թրամփ. «Է~հ, մենք կը քննարկենք: Բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք, որովհետեւ նախագահին թոյլ չէ տրուած գնել «Փեթրիըթ» հրթիռներ: Հետեւաբար, երբ ան գնած է միւսները՝ «Էս. 200»ներ կամ «Էս. 400»ներ, երբ ան գնած է զանոնք, ուրեմն ուզած է գնել, սակայն Օպամայի վարչակազմը թոյլ չէ տուած գնել, մինչեւ որ ան գործարք կնքած է ուրիշ հրթիռներ ձեռք ձգելու համար:
Այսպիսով, ան կը գնէ ուրիշ հրթիռ, իսկ յետոյ անոնք յանկարծ կ՛ըսեն իրեն. «Հիմա դուք կրնաք գնել մեր հրթիռը»: Դուն չես կրնար նման բան ընել: Ասիկա լաւ բան չէ, լաւ չէ»:
Լրագրող. «Արդեօք այս կը նշանակէ, որ կարելի է, ուրեմն կրնաք…»:
Թրամփ. «Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Այս խնդիր է, ասոր մասին հարց չկայ: Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Բայց անոր արգիլուած էր գնել, մինչեւ որ ըսաւ, որ ուրիշ բան կը գնէ: Իսկ յետոյ, երբ ան ուրիշ բան գնէ, բոլորը կ՛ըսեն՝ «Լաւ, դուք կրնաք զայն գնել: Չէք կրնար այսպիսի գործ ընել: Թուրքիա եղած է մեր ընկերը, մենք միասին մեծ բաներ ըրած ենք: Մենք առեւտրական մեծ գործընկերներ ենք: Մենք աւելի մեծնալու կը պատրաստուինք: Կը կարծեմ, որ 75 միլիառը քիչ է: Կը կարծեմ, որ անիկա շուտով կը դառնայ առաւել քան 100 միլիառ տոլար: Դուք չէք կրնար մարդոց հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս Օպամայի վարչակազմը կ՛ընէր…»:
Լրագրող. «Միացեալ Նահանգները արդեօք պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ՞ Թուրքիոյ դէմ՝ «Էս. 400» ունենալուն համար»:
Թրամփ. «Մենք կը հետեւինք անոր: Բայց անիկա երկիմաստ, երկկողմանի փողոց է: Անոնք չեն ծախած նախագահին, անոր թոյլ չեն տուած գնել հրթիռը, զոր ան ուզած է գնել, որ «Փեթրիըթ»ն էր: Իսկ յետոյ, երբ ան գնեց ուրիշէն՝ ըսաւ. «Հիմա մե՛նք ձեզի կը ծախենք «Փեթրիըթ»ը: Ուրեմն, ես պէտք է ձեզի ըսեմ, որ ան ՆԱԹՕի անդամ է, անոր հետ ես ընկերացած եմ: Պէտք է արդարացի կերպով վերաբերուիք մարդոց հետ: Դուք կը հասկնաք ասիկա: Դուք պէտք է արդարացի կերպով վերաբերուիք մարդոց հետ: Եւ ես չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի կերպով վարուեցան: Չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի կերպով վարուեցան»:
Լրագրող. «Գնդակը ձեր դաշտն է, պարոն նախագահ: Դո՛ւք էք որոշում տուողը: Պատժամիջոցներ կը կիրարկէ՞ք»:
Թրամփ. «Լաւ, կը տեսնուինք պանդոկին մէջ, ժամը 3:30ին…»:
Լրագրող. «Պարոն նախագահ, դուք կը պատրաստուի՞ք Թուրքիա երթալու Յուլիսին: Դուք Յուլիսին պիտի երթա՞ք Թուրքիա, պարոն նախագահ: Ե՞րբ պիտի երթաք Թուրքիա»:
Թրամփ. «Առիթով մը կ՛երթամ Թուրքիա: Զիս հրաւիրած են, եւ ես կ՛երթամ Թուրքիա, այո»:
Լրագրող. «Ա՞յս տարի, պարոն նախագահ: Ա՞յս տարի կ՛երթաք Թուրքիա: Յուլիսի՞ն կ՛երթաք»:
Թրամփ. «Մենք թուական չենք ճշդած»:
Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփ կողմնակից է թուրք ղեկավարին՝ ընդդէմ նախկին նախագահ Օպամայի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ իր երկրի ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաներուն: Երկրորդ, սուտ է այն, որ նախագահ Օպամա մերժած է Թուրքիոյ ծախել ամերիկեան «Փեթրիըթ» հրթիռները: Թուրքիա չէ ընդունած վաճառքի պայմանները:
Ինչպէս իր որոշումներէն շատերուն պարագային, Թրամփ կարծես թէ իր անձնական շահերը՝ քանի մը միլիոն տոլարի եկամուտ՝ Պոլսոյ մէջ Թրամփի երկու շէնքերուն վրայ իր անունը ունենալու համար, վեր կը դասէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն: Հապա ինչո՞ւ ան բազմաթիւ անգամներ կը գովաբանէր բռնապետ եւ մարդու իրաւունքներու գլխաւոր ոտնահարող Էրտողանը:
Այս յօդուածը գրելու պահուն ռուսական հրթիռները արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Թուրքիա: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ Թրամփի վերջնական որոշումը պատժամիջոցներուն վերաբերեալ: Արդեօք ան վտանգի կ՛ենթարկէ՞ ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը՝ պարզապէս Էրտողանը գոհացնելու համար: Եթէ ան այդպէս վարուի, յոյսով եմ, որ 2020ին ոչ մէկ ամերիկահայ կամ ուրիշ անձ կը քուէարկէ Թրամփի օգտին։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ