ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Պետութիւնը կը նախատեսէ 2020էն սկսեալ գումար յատկացնել բռնութեան ենթարկուած կանանց աջակցութեան համար նախատեսուած երկու ապաստարաններու: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան:
«Ապաստարանների առումով մենք ունենք խնդիր, սակայն այս պահին չկայ որեւէ ապաստարան, որը ստանում է պետական աջակցութիւն: Յոյս ունեմ, որ 2020 թուականից մեր բիւջէից կը լինի 2 ապաստարանի ֆինանսաւորում», նշեց նախարարը եւ աւելցուց, որ մասնագէտները պէտք է ըսեն, թէ ինչ ծառայութիւն կը մատուցեն ապաստարանները, նկատի ունենալով, որ բռնութեան ենթարկուած անձերէն իւրաքանչիւրին պատմութիւնը անհատական է:
Ըստ Բաթոյեանի՝ կին մը անվտանգ միջավայրի մէջ պահելու եւ զայն տնտեսապէս անկախ դարձնելու համար, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը պէտք է փորձէ լուծել անոր ինքնուրոյնութեան հարցը:
Բաթոյեան կարեւոր նկատել տուաւ նաեւ, որ բռնութեան ենթարկուած կինը որոշ ժամանակ ետք պէտք է կարենայ ինքնուրոյն եւ ապահով կեանք վարել: