ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ.- Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 25 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, շրջանի «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» Հայ կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրային հաւաք մը, որուն նպատակն է համայնքին ծանօթացնել Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 12րդ ընտրաշրջանի ընտրութեանց թեկնածուներ՝ Ճան Լիի եւ Լորէյն Լանքուիսթի դիրքորշումները եւ ծրագիրները։
Հաւաքը պիտի համակարգէ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան։
«Իբրեւ ժողովրդային կազմակերպութիւն, մեզի համար կարեւոր է նման հաւաքներու իրականացումը, որովհետեւ անոնց միջոցաւ համայնքը կարելիութիւնը պիտի ունենայ աւելի մօտէն ծանօթանալու քաղաքապետարանին մէջ զիրենք ներկայացնել փափաքող թեկնածուներուն», կը յայտնէ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեւըն Պոյաճեան։
«Մելքոն Եւ Անժէլ Մելքոնեան» Հայ կեդրոնին հասցէն է՝ 17422 Chatsworth St., Granada Hills, CA 91344։ Մուտք ազատ է։