«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայ ժողովուրդին ու Հայ Դատին ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտարարած հայը իր յանձնառութեան լրջութիւնը քննութեան ենթարկելու բարոյական պարտքին դիմաց կը գտնէ ինքզինք, մանաւանդ այն պահերուն, երբ գերագոյն զոհաբերութեամբ անմահացած հերոսներու յիշատակը կ՛ոգեկոչէ:
27 Յուլիս 1983ին գիտակցաբար մահուան գացած Լիզպոնի հինգ տղաներուն սխրանքի վերյիշումը այդպիսի պահերէն մէկն է:
Անկեղծ ինքնաքննութիւնը, այսպիսի օրերու, երկսայրի սուր կրնայ ըլլալ: Արդարեւ, հերոսներու օրինակը իբրեւ ոգեւորութեան եւ ներշնչումի աղբիւր, անշուշտ անփոխարինելի է, եւ ամէն քայլափոխի, ազգային գործի արժեւորումները այդ ներշնչումով աւելի բծախնդրութեամբ, խստագոյն գնահատումով կատարելու պարտքին տակ կը դնէ մեզ: Այս պարտքին գիտակցութիւնը, սակայն, փառապսակի արժանացած հերոսներուն հաստատած չափանիշին անհասանելիութիւնը, մանաւանդ համոզումի ու հաւատքի տատանումներով տագնապողներուն, կրնայ բարոյալքիչ ազդակ դառնալ:
Հերոսներու աւանդին հաւատարիմ գործիչները, անոնց արարքէն բխած ուժով ու հրայրքով տոգորուելու ձգտումը նպատակ կը դարձնեն, միջոց՝ ձերբազատուելու թուլութեան, յուսահատութեան, քաղքենի անտարբերութեան փորձութիւններէն:
Ամէն մարդ հերոս չի կրնար ըլլալ: Բայց յանուն հայրենի հողի պաշտպանութեան, յանուն ազգային իղձերու իրականացման հերոսանալու փառասիրութիւնը կրնան ունենալ շատեր, որոնց բազմութեան մէջ է յաղթանակի հասնելու երաշխիքը:
Եթէ կը հաւատանք, որ Լիզպոնի հինգը, մեր հեռու եւ մօտիկ անցեալի բոլոր հերոսները վերէն կը նային մեզի, մենք կրնա՞նք չզգաստանալ, կրնա՞նք փախչիլ մեր պարտաւորութիւններէն, կրնա՞նք թաքնուիլ կեղծիքի ու մակերեսայնութեան ետին:
Խոնարհինք այսօր, եւ ի յարգանս հերոսներու յիշատակին մեր յանձնառութիւնը ամուր դարձնելու խոստումը տանք: