
Ուրբաթ, 26 Յուլիսի երեկոյեան, ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ սկսաւ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յիշատակի երեկոն, երբ հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, հայորդիներ, ՀՄԸՄի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր անոնց միացան նոյն նպատակին համար հոն գտնուող մեծաթիւ հայորդիները եւ միասնաբար ծաղիկներ զետեղեցին, մոմեր վառեցին անոնց շիրիմին վրայ:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով։ ԼԵՄի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, միութեան խօսքը արտասանեց Նարեկ Ճեմճեմեան, որ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս 36 տարիներ առաջ պայքարի ու վրէժի ոգիով ներշնչուած հինգ երիտասարդներ յանդուգն եւ իր ոճին մէջ եզակի գործողութիւն մը կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ՝ իրենց գարուն կեանքերուն եւ նուիրական արեան գնով մեզի ու աշխարհին յիշեցնելու, թէ Ցեղասպանին ոճիրը չէ մոռցուած, անիկա չի՛ կրնար մնալ արգելափակուած ու պատանդ լռութեան պատի ետին, յիշեցնելու, թէ հայ ժողովուրդը տէրն է իր իրաւունքներուն, չ՛ընդունիր իր հողային եւ ազգային ամբողջական եւ արդար իրաւունքներէն զիջիլ։
Ապա Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Պսակ» բանաստեղծութիւնը, իսկ խումբ մը ԼԵՄականներ նուագեցին փունջ մը երգեր:
Օրուան պատգամը ուղղեց Մելիք Գարագաւորեան, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութեան պարունակած բացարձակ արժէքը համայն հայութեան մարտունակ երիտասարդութեան համար՝ շեշտելով, որ անիկա կը հանդիսանայ հայոց նորագոյն ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան ամէնէն նշանակալի դրուագներէն մին, որ եղաւ շրջադարձային՝ շրջանային եւ միջազգային առումով: Ան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի տղաքը ազգային կուռ համոզումներու տէր անձնաւորութիւններ էին, բայց եւ այնպէս նաեւ կը գիտակցէին, որ անհրաժեշտ էր սովորականէն տարբեր բան մը, գերմարդկային արտասովոր աքթով մը քօղազերծել միջազգային հանրութեան եւ իրաւական ատեաններու կեղծիքը, այդպիսով սարսափեցնել ոսոխ թուրքը, քանդել լռութեան եւ անարդարութեան պատը, ցնցել մարդկութեան յիշողութիւնը, խիղճը եւ դատողութիւնը: Բանախօսը ըսաւ, թէ անոնք յաջողեցան իրենց նպատակին մէջ, իսկ մեզի ալ կտակեցին այն, որ կարելի չէ ինքնանպատակ, անիմաստ, հաճոյակատար ու բռնազբօսիկ երեւոյթներով ապրիլ, որովհետեւ իբրեւ հայեր պարզապէս իրաւունք չունինք սովորական կեանքը մաշեցնող օրէնքներուն ենթարկուելու:
«Մե՛նք բարոյական, ազգային եւ սրբազան գործը շարունակելու պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին եւ մեր նահատակներուն հանդէպ: Այդ իսկ պատճառով, Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութեան, գաղափարաքաղաքական կտակին հետապնդած նպատակներուն հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ կը նշանակէ նախ եւ առաջ կազմակերպական, կարգապահական, գաղափարական-քաղաքական մեր կեցուածքներուն մէջ ըլլալ անթերի: Կը նշանակէ բոլոր ժամանակներուն ամէն տեսակի դժուարութեանց արհեստական արգելափակումներուն դէմ պայքար, յոգնածութեան, անտարբերութեան, յուսալքութեան, անզօրութեան եւ յուսահատութեան բոլոր ժխտական ու ներազգային դիմադրողականութիւնը տկարացնող ալիքներուն դէմ պայքար: Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակը վառ պահել, հաւատարիմ եւ յանձնառու ըլլալ, կը նշանակէ կառչիլ մեր սրբազան հայրենիքին իւրաքանչիւր թիզ հողին եւ մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն», շեշտեց Բանախօսը։
Մելիք Գարագաւորեան դիտել տուաւ, որ ժամանակներն ու պայմանները փոխուած են, բայց մենք ալ փոխուած ենք իբրեւ ազգ, քաղաքականացած ենք, ազատագրած ենք Արցախի Հանրապետութիւնը, վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կորիզը կը հանդիսանայ Լիզպոնի 5 տղոց երազը կազմող Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան: Ուստի մենք կը շարունակենք մնալ պահանջատէր, մերժել մեր իրաւունքները խլելու որեւէ փորձ՝ միշտ ձգտելով ըլլալ իսկական ուժ եւ գիտակցելով, որ գոյատեւելու համար կարիք ունինք հերոսներու, նահատակներու, գաղափարական խենթերու:
«Դո՛ւք պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլաք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն: Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Եռաբլուր ննջող մեր բոլոր ազատամարտիկները: Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Լիզպոնի 5ին՝ Սագոյի, Արայի, Սեդրակի, Վաչէի եւ Սիմոնի աճիւնները», ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան՝ եզրափակելով իր խօսքը:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Վէրքերով լի» երգի երգեցողութեամբ: