ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Նախորդ երկու ամիսներուն նուազումէն ետք, Կեդրոնական դրամատան միջազգային պահեստները դարձեալ համալրուեցան: Պաշտօնական տուեալներու Յունիսի անոնք հասան 2 միլիառ 216 միլիոն տոլարի:
Նախորդ ամսուան հետ բաղդատած՝ Կեդրոնական դրամատան արտաքին պահեստները աւելցան 90 միլիոն տոլարով: Կ՛ենթադրուի, որ անիկա տեղի ունեցած է ներքին շուկային մէջ գտնուող յաւելեալ տարադրամը ներքաշելու հաշուոյն: Ինչպէս յայտնի է, վերջին ամիսներուն արժութային դաշտը Հայաստանի մէջ գտնուեցաւ տարադրամային հոսքերու ճնշման տակ, ինչ որ արտաքին պահեստներու համալրման նոր կարելիութիւն ստեղծեց։
Թէեւ կացութիւնը այնպէս չէ, որ ասիկա մնայուն է։ Արդարեւ, Ապրիլ-Մայիսին Կեդրոնական դրամատան պահեստները նուազեցան։ Յունիսին անոնք սկսան համալրուելու, բայց տակաւին չեն հասած նախորդ տարուան աւարտի մակարդակին: Տարեսկիզբին կորսուածը ամբողջութեամբ վերադարձնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յաւելեալ 43 միլիոն տոլարի համալրում:
Նշենք, որ այս տարուան սկիզբը դրամատունը բաւական լուրջ կորուստներ ունեցաւ՝ միայն Յունուարին արտաքին պահեստները նուազեցան 265 միլիոն տոլարով: