ԿԼԵՆՎԻՈՒ (Իլինոյ).- Կիրակի, 28 Յուլիսին, Շիքակոյի գաղութը նշեց Լիզպոնի 5ի նահատակութեան 36ամեակը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր տեղւոյն «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը, որուն անունով խօսք առաւ Արմէն Փափազեան: Ան յայտնեց, թէ Յուլիս 27, 1983ի առաւօտեան, Լիզպոնի մէջ կատարուածը շարունակութիւնն էր, գրեթէ տասը տարիէ ի վեր կատարուած արարքներու, որոնք պայքարի, կամքի եւ արդարութեան հանդէպ հաւատքի, հայ ժողովուրդին յարատեւ մաքառումին մէկ փաստն էին, որոնք յաջողեցան բարձրացնել Հայկական Հարցը խիղճը քնացուցած Եւրոպայի մամուլին մէջ: Փափազեան աւելցուց, թէ զոհողութիւնը հարկաւոր էր եւ անխուսափելի, պէտք էր քանդուէր լռութեան պատը, անկէ կախեալ էր հայրենիքի գոյատեւումը եւ վերադառնալու մարմաջն ու քաղցր յոյսը:
Ապա ցուցադրուեցաւ այս արարքին գծով պատրաստուած վիտէօ երիզը, ապա թաղման արարողութիւնէն տեսարաններ:
Ապա տեղւոյն ՀԵԴի «Արարատ» մասնաճիւղի անդամներ կարդացին հինգ հերոսներ՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, Արա Գըրճըլեանի եւ Սարգիս Աբրահամեանի խօսքերը: